
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 18 Մայիսին, Մարտակերտ քաղաքին մէջ խումբ մը քաղաքացիներու նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ բազմամարդ հաւաք մը, որուն նպատակը Հայաստանի մէջ ընթացող «Դիմադրութիւն» շարժման իրենց աջակցութիւնը յայտնելն էր, ինչպէս նաեւ իրենց մտահոգութիւնները համաքաղաքացիներուն, պատգամաւորներուն եւ շրջանի պատասխանատու անձերուն փոխանցելը:
Հաւաքին մասնակցող քաղաքացիներուն մտահոգութիւնը մայր Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ տեղի ունեցող զարգացումներն էին:
Մտահոգ քաղաքացիները յուզող հարցումներուն պատասխանելու համար, նախաձեռնող խումբին հրաւէրով Մարտակերտ կը գտնուէին Արցախի Ազգային ժողովի բոլոր 5 խմբակցութիւնները ներկայացնող պատգամաւորները:
Նախքան հաւաքի մեկնարկը, պատգամաւորները ծաղիկներ զետեղեցին Մարտակերտի յուշահամալիրին մէջ: Հանրահաւաքին ներկայ էր նաեւ Մարտակերտի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Արսէն Աւանեսեան, ՀՅԴ Արցախի Մարտակերտի կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալիկ Սարգսեան:
Խօսք առաւ կազմակերպիչներէն Սոնա Ադամեան, որ ողջունեց Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն ներկայութիւնը կազմակերպուած հաւաքին եւ աջակցութիւն յայտնեց «Դիմադրութիւն» շարժումին:

«Մեր աջակցութիւնը յայտնենք մեր այն հայրենակիցներին, ովքեր օրեր շարունակ թողնելով իրենց ընտանեկան նիստն ու կացը, ամէն ինչ թողնելով ժամերով քայլում են, որպէսզի կարողանան օր առաջ ինչ-որ մի բան փոփոխել մեր հայրենիքում՝ դէպի լաւը», ըսաւ ան:
Ըստ անոր՝ հոն եղողները եկած են հաստատելու, որ կ՛ուզեն հայ մնալ, իսկ Արցախը երբեք Ատրպէյճանի կազմին մէջ պիտի չըլլայ:
Այնուհետեւ ելոյթներով հանդէս եկան բոլոր 5 խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները՝ վերահաստատելով իրենց հաւատարմութիւնը Արցախի Ազգային ժողովի 14 Ապրիլի յայտարարութեան՝ պարզաբանելով, որ այդ յայտարարութեամբ Արցախը եւս միացած է «Դիմադրութիւն» շարժման:
Ներկաներուն մօտ մեծ ոգեւորութիւն յառաջացուց Արցախի Ազգային ժողովի խմբակցութիւններուն միասնականութիւնը Արցախի եւ հայ ժողովուրդին համար վճռորոշ հարցերու նկատմամբ: Անոնք պարզեցին պաստառներ՝ «Կեցցէ միանսականութիւնը», «Զարթնի՛ր, լաօ», «Արցախ ոտքի», «Հայ պիտի մնանք» գրութիւններով, ինչպէս նաեւ հնչեցուցին «Միացում, պայքար, յաղթանակ», «Առանց թուրքի Հայաստան», «Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք» կարգախօսները:
Աւարտին մասնակցողները միասնաբար երգեցին «Զարթնի՛ր, լաօ»: