ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերՄարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Ռուսիա հետեւողական կերպով կողմ կ՛արտայայտուի հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման հարցերու երկկողմ յանձնաժողովի կազմութեան եւ հետագային սահմանագծման` Ռուսիոյ խորհրդատուական աջակցութեամբ:
«Նոյն ժամանակ, ինչպէս ամրագրուած է Սոչիի գագաթնաժողովին յաջորդած Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութեան մէջ՝ անհրաժեշտ է քայլերու ձեռնարկել երկու երկիրներու սահմանին կայունութեան մակարդակի բարձրացման համար: Այս հարցը քննարկուեցաւ Տուշանպէի մէջ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպման ընթացքին: Գործընկերները տեղեկացուցին, որ մօտեցած են ազգային պատուիրակութիւններու ձեւաւորման գործընթացի աւարտին: Ռուսիա իր մասնագիտական խումբը կազմած է արդէն: Կ՛ակնկալենք, որ մօտիկ ապագային կարելի պիտի ըլլայ գործնական աշխատանքներու սկսիլ՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի սահմանազատման ուղղութեամբ: Կ՛ուզեմ նաեւ ընդգծել, որ Ռուսիա եզակի փորձագիտական ներուժ ունի յետ-խորհրդային տարածքին մէջ սահմանազատման եւ սահմանային վէճերու կարգաւորման ոլորտին մէջ: Ուրախ պիտի ըլլանք կիսելու մեր փորձառութիւնը հայ եւ ատրպէյճանցի ընկերներուն հետ՝ յանձնաժողովի գործունէութեան ծիրին մէջ», յայտնեց Զախարովա:
Ան դիտել տուաւ, որ Ռուսիա բարձր կը գնահատէ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետերու համանախագահութեամբ եռակողմ աշխատանքային խումբի գործունէութիւնը՝ նշելով, թէ նման գնահատական հնչեց նաեւ 12 Մայիսին Տուշանպէի մէջ Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպման ատեն։ «Հարաւային Կովկասի մէջ բոլոր երթեւեկի հաղորդակցութեան եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման հարցը առանցքայիններէն մէկը կը նկատենք հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու լուծման եւ ընդհանուր առմամբ տարածաշրջանին մէջ համագործակցութեան ներդաշնակութեան ստեղծման պարունակին մէջ։ Եռակողմ աշխատանքային խումբի համանախագահները կանոնաւոր կերպով կապի մէջ են՝ մշակելու լուծումներ, որոնք ընդունելի պիտի ըլլան բոլոր կողմերուն համար», յայտնեց Զախարովա։