
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Չորեքշաբթի, 18 Մայիսի երեկոյեան,Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքին ընթացքին, «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ շուրջ մէկ ժամ հանդիպում ունեցած են ոստիկանապետին հետ, որուն ներկայացուցին իրենց պահանջները` նշելով, որ անոնց հիմնական մասը կը նկատուի բաւարարուած:
«Դիմադրութիւն» շարժումի ներկայացուցիչները ոստիկանապետէն պահանջեցին, որ բոլոր ոստիկանները, որոնք ապօրինութիւններ կատարեցին, պատասխանատուութեան ենթարկուին, պարզուի, թէ ո՛վ նման ապօրինութիւններ կատարելու հրահանգ տուած է, ինչպէս նաեւ պահանջեցին, որ ոստիկանապետը անձամբ յայտարարութիւն տարածէ եւ գնահատական հնչեցնէ ոստիկաններու բիրտ գործողութիւններուն վերաբերեալ:
«Ոստիկանապետը մեզ փոխանցեց, որ մէկ հոգու գործունէութիւն այս պահին կասեցուել է, 37 հոգու նկատմամբ նշանակուել է ծառայողական քննութիւն, յարուցուել են մէկ տասնեակից աւելի քրէական գործեր, եւ այսօրուայ դէպքերով տեղի են ունենում ուսումնասիրութիւն եւ ոստիկանութիւնը շատ կարճ ժամկէտում հանդէս կը գայ կոնկրէտ յայտարարութեամբ, կոնկրէտ դէպքերով», ըսաւ Սաղաթէլեան:

Ազգային ժողովի ընդդիմադիր փոխնախագահը յայտնեց նաեւ, որ ինքնաշարժներու երթին ընթացքին բռնագրաւուած ինքնաշարժները պիտի վերադարձուին քաղաքացիներուն: «Այս պահին մենք համարում ենք մեր պահանջների հիմնական մասը բաւարարուած, բայց նաեւ ասում ենք, որ բոլոր դէպքերով լինելու ենք հետեւողական եւ սպասելու ենք կոնկրէտ արդիւնքների», յայտարարեց Սաղաթէլեան:
«Դիմադրութիւն» շարժման կողմէ գործադրուող անհնազանդութեան շարժումներուն ընթացքին՝ նոյն օրը առաւօտեան, առաւել քան 360 քաղաքացիներ ձերբակալուեցան: Կանուխ առաւօտէն ընդդիմութիւնը մայրաքաղաքի տարբեր հատուածներու մէջ վարչապետի հրաժարականի պահանջով դարձեալփողոցներ փակեց եւերթերու ընթացքին նստացոյց կատարեց:
Օրուան ընթացքին ցուցարարներու զանազանխումբեր քանի մը անգամ փակեցին Աբովեան փողոցի քանի մը հատուածներ: Քաղաքացիներու խումբը մեծ թիւով ոստիկաններու ժամանումէն ետք, արագօրէն հեռացաւ տարածքէն՝ բանալով ճամբան։ Ոստիկանները նկատեցին, որ ցուցարարները այսօր փոխեցին իրենց մարտավարութիւնը:
Այլ խումբ մըՍայաթ Նովա փողոցի հատուած մը փակեց՝ աղբարկղերը ճամբուն մէջտեղ տեղափոխելով: Թումանեան փողոցին մէջ ոստիկանները ձերբակալեցին մայթին վրայ երթ կատարող ցուցարարներ։
«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Գրիգորեան ըսաւ, որ ցոյցին մասնակցողները որեւէ օրէնք չէին խախտած․ ոստիկանները ձերբակալեցին նոյնիսկ իրենց նոր միացած քաղաքացի մը։
Ոստիկանները նաեւ ընդդիմադիր պատգամաւորներէն Արծուիկ Մինասեանը ուզեցին ձերբակալել․ անոնք երկու անգամ փորձեցին ինքնաշարժին մէջ նստեցնել զայն, բայց երբ իմացան, որ պատգամաւոր է, հրաժարեցան: Քաշքշոցէն Մինասեանի շապիկը պատռեցաւ:
«Այն, ինչ իրենք անում են, օրէնքի հետ կապ չունի: Մի յենարան ունեն` ոստիկանութիւնն է, փորձում են այդ ճանապարհով պահել Նիկոլի իշխանութիւնը, ուրիշ տարբերակ չկայ», ըսաւ Սաղաթէլեան:
«Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Արփի Դաւոյեան յայտնեց, որ ոստիկանութիւնը օրէնքի սահմաններուն մէջ կը գործէ։ «Պահպանել հասարակական կարգը, թոյլ չտալ, որ քաղաքացիների ազատ տեղաշարժին խանգարեն: Մենք տեսնում ենք, թէ ինչ է կատարւում փողոցներում առաւօտեան, երբ մարդիկ գնում են աշխատանքի, քաղաքացիները նոյնպէս զայրանում են, բողոքում են, ասում են, որ իրենք խնդիր ունեն այս ակցիաների հետ: Ոստիկանութիւնը հնարաւորինս կատարում է օրէնքով իրենց վերապահուած աշխատանքը», ըսաւ ան։
Շուրջ կէս ժամ նաեւ մեթրոյի աշխատանքը դադրեցաւ` ցուցարարներուն շարժումին պատճառով, հոնկէ եւս ձերբակալուողներ եղան։