ԼԻԶԱ ՃԻԿԷՐԵԱՆ ՄԱՆՈՅԵԱՆ


ՀԲԸՄի «Հայ Կին»ի Յղի կանանց կեդրոններու հիմնադրութեան 20րդ ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 14 Մայիսին, «Նուր»ի գեղեցիկ հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ կազմակերպութեան անդամներուն, նուիրատուներուն եւ բարեկամներուն:
«Հայ Կին» կազմակերպութիւնը հիմնուած է 1994ին, Սոնա Եագուպեանի լուսաւոր մտայղացումով: Այս կազմակերպութիւնը իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն փաստած է իր գոյութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, իր բարեսիրական եւ շինիչ աշխատանքներով եւ ձեռնարկներով: Անոր հիմնադրութենէն 8 տարի ետք հիմնուած է Յղի կանանց կեդրոններէն առաջինը՝ Գիւմրիի մէջ։ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ գործող 8 կեդրոններուն մէջ յղի կիներ կը ստանան նախածննդեան, ծննդեան եւ յետ ծննդեան անհրաժեշտ ծառայութիւնները, եւ կը գտնեն իրենց հոգեկան, ֆիզիքական եւ մտային հարցերու լուծումները:
Վսեմագոյն նախաձեռնութիւն մըն է այս, որուն շնորհիւ կ՛երաշխաւորուի մեր յաջորդ սերունդին գոյատեւումը: Հիմնադիր նախագահուհիին խօսքերով` «Նպատակը՝ սոյն կազմակերպութեան, աղքատութեան դէմ պայքարիլն է, յղի կանանց օժանդակելն է եւ կասեցնելն է մանուկներու կանխահաս մահերը»:
Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց կազմակերպութեան անդամուհի Էլիզապէթ Քապանեան: Ապա անդամուհի Լորա Գույումճեան ընթերցեց երկու շնորհաւորագիրներ․ առաջինը՝ Հայաստանի Պետական համալսարանի տնօրէն Ա. Մկրտչեանէն եւ երկրորդը՝ ՀԲԸՄի նախագահ Պերճ Սեդրակեանէն: Երկուքն ալ կը դրուատէին «Հայ Կին» կազմակերպութեան արձանագրած յաջողութիւնները:
Ապա, Նելլի Եագուպեան փոխանցեց, որ ցարդ իրենց կեդրոններու աշխատանքներու ծիրին մէջ օժանդակած են առաւել քան 5000 մայրերու, որոնք իրենց մանուկները լոյս աշխարհ բերած են եւ յատուկ հոգատարութիւն ստացած են, իսկ մեծ մայրերուն համար ալ շատ շինիչ դասախօսութիւններ տրամադրուած են այս կեդրոններուն մէջ:
Նելլի Եագուպեանի խօսքէն ետք, ցուցադրուեցաւ տեսանիւթ մը, որուն մէջ Հայաստանի Յղի կանանց 8 կեդրոններու պատասխանատուները կը շնորհաւորեն անոր 20րդ ամեակը եւ յարատեւ յաջողութիւններ կը մաղթեն կեդրոններուն սատար կանգնող անդամներուն, վարչութեան կազմին եւ հիմնադիր Սոնա Եագուպեանին:
Հոս կ՛արժէ նշել, որ Հայաստանի Պետական համալսարանէն շրջանաւարտ ուսանողներ, ըստ իրենց մասնագիտութեան, ներդրում կ՛ունենան՝ աշխատակցելով սոյն կեդրոններուն մէջ, ձեռք ձգելով փորձառութիւն եւ նոյն ժամանակ ընկերահոգեբանական հարցերու մէջ օժանդակելով եւ ուղղութիւն ցոյց տալով մեր հայրենի մայրերուն:
Վերոնշեալ աշխատանքները կ՛իրագործուին բարերար-հովանաւորներու կատարած նուիրատուութիւններուն միջոցաւ: Այս հաւաքոյթին շնորհակալագիրներ բաժնուեցան բոլոր այն հովանաւորներուն, որոնք իրենց լուման տալով՝ գիտակցեցան Յղի կանանց կեդրոններուն անհրաժեշտ եւ շինիչ աշխատանքներուն կարեւորութիւնը:
Հաւաքոյթին վերջաւորութեան խօսք առաւ նախագահուհի Սոնա Եագուպեան եւ հակիրճ պատմականը տուաւ սոյն կազմակերպութեան հիմնադրութեան դրդպատճառներուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք հաւատացած են կազմակերպութեան առաքելութեան եւ առաջին օրէն իսկ նեցուկ կանգնած են օգտաշատ եւ կարեւոր այս աշխատանքին: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպիչ անդամ Վարդենի Երջանեանին՝ անոր բծախնդիր աշխատանքին համար, որուն արգասիքն էր գեղեցկօրէն կազմակերպուած եւ ծրագրուած հաւաքը: Ան նաեւ յատուկ շնորհակալական խօսք ուղղեց Անի Պապեանին, որ հաւատարմօրէն եւ յարատեւօրէն երկար տարիներու վրայ իր աջակցութիւնը եւ ամսական նուիրատուութիւնը կը կատարէ:
Ապա Սոնա Եագուպեան յայտարարեց, որ Եղվարդի իրենց կեդրոնը անուանուած է իրենց անդամուհիներէն Ճենի Այնթէպլեանի վաղամեռիկ դուստրին՝ Սէրա Այնթէպլեանի անունով: Ճենին կազմակեպութեան աշխոյժ եւ հաւատարիմ անդամուհիներէն մէկն է, եւ մէկուկէս ամիս առաջ 20ամեայ դուստրը կորսնցուց ինքնաշարժի անողոք արկածով: Սէրան՝ օրինակելի զաւակը, հեզահամբոյր սկաուտը եւ փայլուն ապագայ խոստացող աշակերտուհին, Փասատինայի համայնքին մէջ ճանչցուած էր իր ազնիւ ու մաքուր հոգիով, գեղեցիկ ու հաղորդակից ժպիտով եւ փայլուն միտքով ու աշխատասիրութեամբ:
Վարձքը կատար բոլորին եւ յոյս ունինք, որ Եղվարդի Սէրա Այնթէպլեանի յիշատակին նուիրուած կեդրոնին մէջ, ինչպէս նաեւ մնացեալ բոլոր կեդրոններուն մէջ, հայրենի մայրեր, իրենց հոգեմտային եւ ֆիզիքական օժանդակութիւնը ստանալով՝ պիտի ծնանին Սէրային նման հայրենասէր, հայասէր եւ խելացի հայ մանուկներ: