ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Երեւան հրապարակեց խաղաղութեան բանակցութիւններու սկսելու համար ատրպէյճանական հինգ առաջարկներուն հայկական կողմի 6 կէտերէ բաղկացած պատասխանը:
Ռուսերէն փաստաթուղթը Հանրայինի եթերէն ներկայացուց յատուկ յանձնարարութիւններու նորանշանակ դեսպան էդմոն Մարուքեան:
Ըստ Մարուքեանի՝ փաստաթուղթի առաջին կէտին մէջ գրուած է, որ հայկական կողմը կը պատասխանէ ատրպէյճանական կողմի նամակին, զոր Երեւան ստացաւ 11 Մարտին։
Երկրորդ կէտին մէջ, հայկական կողմը կը հաստատէ, որ երբեք չէ ունեցած եւ չունի տարածքային պահանջներ՝ Ատրպէյճանէն:
Փաստաթուղթի երրորդ կէտին մէջ շեշտը կը դրուի Արցախի վերջնական կարգավիճակի որոշման հարցին վրայ: «Հայկական կողմի համար հիմնարար է Լեռնային Ղարաբաղի հայերի անվտանգութեան երաշխաւորման, նրանց իրաւունքների եւ ազատութիւնների յարգման, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի որոշման հարցերը», յայտնեց Մարուքեան:
Չորրորդ կէտին մէջ կը նշուի. «Հայկական կողմը կարեւորում է պատերազմից յետոյ ընդունուած եռակողմ յայտարարութիւնների կատարումը, մասնաւորապէս գերիների վերադարձը, տարածաշրջանի ապաշրջափակումը»։
Յաջորդ կէտով հայկական կողմը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ բանակցութիւններու սկսիլ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման համար` ՄԱԿի կանոնադրութեան, Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու միջազգային դաշնագիրի եւ Հելսինկեան եզրափակիչ կանոնին հիման վրայ:
«Այստեղ են ամրագրուած ազգերի ինքնորոշման իրաւունքը եւ այլ կարեւոր իրաւունքներ եւ ազատութիւններ», ընդգծեց Մարուքեան:
Փաստաթուղթի վերջին` վեցերորդ կէտին մէջ, հայկական կողմը կը յայտնէ, որ բանակցութիւնները կազմակերպելու համար Հայաստան դիմած է ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահներուն:
«Ազատութիւն»ը չէ կրցած յստակացնել, թէ ի՛նչ դիմում կատարուած է ԵԱՀԿին։