ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնէլ Սանոսեան Իրան կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Իրանի նաւթի նախարար Ճաւատ Օճիի հետ, որուն հետ քննարկեց կազ` ելեկտրականութեան դիմաց ծրագիրով նոր պայմանագիրը:
Սանոսեան առաջարկներ ներկայացուց պայմանագիրի վերակնքման վերաբերեալ: Յառաջիկային, երբ պայմանագիրը կը վերջնականացուի, պատրաստ ըլլան ներկայացուած առաջարկներուն վերաբերող իրանեան կողմի պատասխանները, պայմանագիրը պիտի կնքուի:
Օճի յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է թուրքմէնական կազը Հայաստան փոխադրել «Սուոփ» համակարգին միջոցով՝ նշելով, որ այդ գծով բանակցութիւնները ընթացք առած են, եւ յոյս ունին, որ շուտով այդ առումով լաւ արդիւնքներու կարելի կ՛ըլլայ հասնիլ՝ երկրի կազի ցանցի բարձր թողունակութեան շնորհիւ: «Այսօր, բանակցութիւններուն ընթացքին ձեռք բերուեցան լաւ պայմանաւորուածութիւններ՝ կազի, նաւթաքիմիական արտադրանքի արտածման յաւելման եւ փոխադարձ կապերու համակողմանի զարգացման վերաբերեալ», ըսաւ Օճի:
Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց Իրանի կազի ազգային ընկերութեան կողմէ աւելցնել կազի արտածումը դրացի Հայաստանին։
2004ին Հայաստան եւ Իրան ստորագրեցին կազ` ելեկտրականութեան դիմաց փոխանակման գործարքը, որուն հիման վրայ 20 տարուան ընթացքին Իրան կազ պիտի արտածէ Հայաստան, իսկ փոխարէնը Իրան ելեկտրականութիւն պիտի ներածէ Հայաստանէն։
Քննարկուեցան նաեւ նաւթի վերամշակման, հանքաձիւթի եւ անոր գինին վերաբերող հարցեր։ Նախարարը նշեց, որ Հայաստանի մէջ ճանապարհաշինական աշխոյժ աշխատանքներ կ՛ընթանան, սակայն հանքաձիւթի գինի փոփոխութիւնները որոշ դժուարութիւններ կը ստեղծեն՝ դիտել տալով, որ փափաքելի է, որ այդ նիւթը Հայաստան հասցուէր աւելի մատչելի սակով։
Հանդիպման ընթացքին, որ նկատուեցաւ դրական եւ կառուցողական, քննարկուեցան երկու կողմերը յուզող այլ հարցեր: