ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Հայաստանի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի հրաւէրով Սեպտեմբեր 29էն մինչեւ Հոկտեմբեր 1 պետական այցով Հայաստան պիտի ժամանէ Ֆրանսայի նախագահ Ժաք Շիրաք, իր կնոջ հետ:
Ֆրանսայի նախագահի գլխաւորած պաշտօնական պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Տուսթ-Պլազի, փոխադրութեան, զբօսաշրջութեան եւ ծովագնացութեան նախարար Տոմինիք Փերպէն, պետական ծառայութեան նախարար Քրիստիան Ժաքոպ, մշակոյթի եւ հաղորդակցութեան նախարար Ռենօ Տոնետիօ տէ Վապր: Նախագահ Շիրաքին պիտի ուղեկցին նաեւ գործարարներ, գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ մարզական ոլորտի ներկայացուցիչներ, ֆրանսահայ համայնքի անդամներ, լրագրողներ:
«Զուարթնոց» օդակայանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի նախագահի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, իսկ նախագահական նստավայրին մէջ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահներու հանդիպումը, որուն պիտի յաջորդէ երկու նախագահներու համատեղ մամուլի ասուլիսը:
Ֆրանսայի նախագահի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ նաեւ Մեծ Եղեռնի յուշահամալիր, ուր ծաղկեպսակ պիտի զետեղէ 1915ի Ցեղասպանութեան զոհերու յուշակոթողին եւ այցելէ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան:
Ֆրանսիայի նախագահը պիտի հիւրընկալէ նաեւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը: Ժաք Շիրաք պիտի այցելէ նաեւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատուն:
Երեւանի մէջ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահներու մասնակցութեամբ Շաբաթ օր տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսական հրապարակի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Նախագահներ Քոչարեան եւ Շիրաք Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ներկայ պիտի գտնուին «Շարլ Ազնաւուրը եւ իր ընկերները» բացօթեայ համերգին: Այս միջոցառումներով պիտի սկսի Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի ազգային տարին, որը կը կրէ «Հայաստան, իմ բարեկամ» խորագիրը:
Նշենք, որ երէկ Երեւան ժամանեց ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուր՝ մասնակցելու Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի տարուան բացման նուիրուած ձեռնարկներուն: Ազնաւուր «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ. «Իմ այցելութիւնը կարեւորում եմ նաեւ Հայաստանի անկախութեան 15ամեակով, քանզի հայրենիքիս անկախութիւնն ինձ համար նոյնն է նշանակում, ինչ որ ցանկացած հայ մարդու համար»:
Ազնավուրին կ’ուղեկցին այնպիսի աշխարհահռչակ ֆրանսացի արուեստագէտներ՝ երաժշտահան Միշէլ Լեկրան, Իզապէլ Պուլլէն, Ժան Քլոտ Պրիան, Նանա Մուսքուրին, եւ այլք: