ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
Պատմական յիշարժան օր մըն էր շաբաթ, 7 Մայիս 2022ը զուիցերիահայ գաղութի տարեգրութեան մէջ: Արդարեւ, Եւրոպայի տարածքին Հայաստանի եւ Հայ Դատի ծանօթացման կարեւոր նուաճում մը իրագործուեցաւ Ժընեւի Թրուանէ շրջանին մէջ՝ հայոց Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հանդիպակաց փողոցի խաչմերուկի «Արմէնի Հրապարակ» (Place d’Armenie) անուանակոչումով:
Քաղաքի արուարձաններէն Թրուանէի թաղամասի սկզբնաւորութեան արդէն յիսուն տարիներէ ի վեր կանգուն է հայկական ճարտարապետութեան ինքնատիպ ոճով կառուցուած Ս. Յակոբ եկեղեցին, որուն ներքին որմերը տուֆով պատուած են:
Հանդիսութեան բացման պահուն՝ կէսօրէն առաջ ժամը 11:30ին, ներկայ էր արտասովոր բազմութիւն մը՝ շուրջ հինգ հարիւր անձեր, որոնց մէջ նկատելի էին Զուիցերիոյ այլ քաղաքներէ եւ մօտակայ ֆրանսական շրջաններէ հասած հայորդիներ, ինչպէս նաեւ տեղացի թաղեցիներ:
Շրջանի քաղաքապետ Կի Լաւորել, որուն կ՛ընկերակցէին քաղաքապետութեան անդամներ, հայկական աղ ու հացով բեմ հրաւիրուեցաւ հանդիսութեան բացման. ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայկական ներկայութեան՝ նկատի ունենալով, որ շրջանի երեք եկեղեցիներէն մէկը այս հայկական գեղակերտ տաճարն է: Անուանակոչութեան ծրագիրը Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով 2015ին այստեղ արտայայտուած խոստումի մը գործադրութիւնն է, ըսաւ ան:
Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անդրանիկ Յովհաննէսեան անգլերէնով իր խօսքը արտասանեց՝ յիշելով, թէ այսօր աշխարհի զանազան քաղաքներու մէջ Հայաստան անունը կրող կառոյցներ կան, այս եկեղեցւոյ կողքին Թօփալեան միօրեայ վարժարանը եւ Հայկական կեդրոնը այսուհետեւ պիտի հասցէագրուի «Արմէնի», որ հայու ինքնութեան պահպանման ամբողջական կեդրոն մըն է: Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց տեղական մարմիններուն եւ գաղութի պատասխանատուներուն՝ այս իրագործումին համար:
Առաջնորդական տեղապահ եւ Ժընեւի հոգեւոր հովիւ Գուսան վրդ. Ալճանեանի կողքին, Զուիցերիոյ գերմանախօս շրջաններու հոգեւոր հովիւ Շնորք քհնյ. Չէքիճեանի եւ դպրաց դասին կողմէ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ «Անդաստան»ի արարողութիւնը կատարելէ ետք տեղի ունեցաւ բացումը նորահաստատ «Արմէնի Հրապարակ» անունը կրող զոյգ ցուցանակներուն, որոնց վրայ գրուած է հետեւեալը. «7 Մայիս 2022ին բացուած այս հրապարակը կը մարմնաւորէ սերտ կապերը Ժընեւի հայ համայնքին եւ Թրուանէի քաղաքապետարանին միջեւ», ապա զանոնք ծածկած Հայաստանի եւ Թրուանէ քաղաքապետութեան դրօշները վար առնուեցան:

Հայկական կեդրոնի եւ տեղւոյն հայութեան կողմէ ֆրանսերէնով իր փակման խօսքին մէջ, Դանիէլ Փափազեան անդրադարձաւ Զուիցերիոյ մէջ հայութեան վաղեմի ներկայութեան, յիշեց, թէ հայկական կուսակցութիւններէն Հնչակեան կուսակցութիւնը 1887ին հիմնուած է այստեղ, իսկ ՀՅ Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ը 1892ին հաստատուած է Ժընեւ, ուր գործած է 22 տարիներ: Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած որբեր բերուած են Զուիցերիա. ծանօթ հայասէր անուններ են՝ Անթոնի Քրաֆթ Պոնար, Լէոփօլ Ֆաւր եւ Էտուար Նաւիլ: Փափազեան քաղաքապետութեան ուղղուած իր շնորհակալական խօսքին մէջ ողջունեց ներկայութիւնը նախկին քաղաքապետ Փաթոր Վան Լունի, որուն օրով սկսած էր անուանակոչութեան այս ծրագիրը:
Աւարտին, ներկաները հրաւիրուեցան կեդրոնի գետնայարկի սրահը, ուր ելոյթ ունեցաւ «Սանահին» պարախումբը: Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդին կողմէ հայկական համադամ ուտելիքներու եւ գինիի հիւրասիրութեամբ՝ շուրջ երկու ժամ ժընեւահայութիւնը վայելեց ջերմ մթնոլորտ մը, որուն կարօտը ունէր «Քորոնա» համաճարակին պատճառով որդեգրուած սահմանափակումներէն ի վեր: