3 Մայիսին, փրոֆեսոր Անթոնիօ Ֆէյժօ ստանձնեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նախագահի պաշտօնը. ան նախագահ ընտրուեցաւ 15 Դեկտեմբեր 2021ին տեղի ունեցած հիմնարկութեան հոգաբարձու մարմինի լիագումար ժողովին:
Անթոնիօ Ֆէյժօ Հիմնարկութեան հոգաբարձու մարմինի ոչ-գործադիր անդամ եղած է 2018էն ի վեր: Ան առաջին նախագահն է, որ մասնագիտացած է հասարակագիտութեան մէջ. իր դոկտորականը ստացած է «Պրաուն» համալսարանէն (Միացեալ Նահանգներ) 1985ին, մասնագիտանալով Անգլիական եւ Ամերիկեան գրականութեան մէջ: Նոյն նիւթին շուրջ իր մագիստրոսի կոչումը ստացած է Նիւ Եորք նահանգի մայրաքաղաք Ալպանիի պետական համալսարանէն (1979):
Ֆէյժօ դասախօս է Լիզպոնի համալսարանին մէջ (Անգլիագիտութեան եւ գրականութեան տեսութեան բաժին): Նախապէս եղած է Լիզպոնի համալսարանի Արուեստի եւ Հասարակագիտութեան դպրոցի տնօրէն, շատ մը այլ վարչական բարձր պաշտօններու առընթեր: Ան անգլիական, ամերիկեան եւ փորթուկալական գրականութեան վերաբերող բազմաթիւ գիրքերու եւ յօդուածներու հեղինակ է. այլ գործերու կողքին փորթուկալերէնի թարգմանած է նաեւ Շէքըսփիրի եւ Օսքար Ուայլտի գործերէն:
Պաշտօնը ստանձնելու ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ, Անթոնիօ Ֆէյժօ ընդգծեց հետեւեալը. «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը բարեգործական հաստատութիւն մըն է, որ կը մարմնաւորէ այն ժառանգութիւնը, զոր ձգած է Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեան՝ իր ժամանակին եւ իր դարուն եզակի մարդը. այն անձը, որ կը ղեկավարէ հիմնարկութիւնը, պարտի պահպանել այդ ժառանգութեան տեւական բնոյթը»:
Նախկին նախագահը՝ Իզապէլ Մոթա, արժանացաւ յոտնկայս ծափահարութեան հիմնարկութեան իր 26ամեայ ծառայութեան համար, զայն նախագահելով վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին:
Հիմնարկութեան ներկայ ինչպէս նաեւ այլ ծրագիրներու մասին կարդալու եւ տեղեկանալու համար այցելել կայքէջը եւ արձանագրուիլ լրատուին: