ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ փոխվարչապետ Մէհմէտ Ալի Շահին իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխանական խմբակի նիստի ընթացքին մեկնաբանեց այն յայտարարագիրը, որ այս շաբթուան ընթացքին հրատարակուած էր հայ եւ յոյն հարիւր բողոքարկուներու կողմէ։
Բողոքարկուները անհանգստութիւն յայտնած էին վագըֆներու օրինագիծը բարեփոխելու հարցին քննարկման ընթացքին խորհրդարանին մէջ արտասանուած խտրական խօսքերու դէմ եւ գրած էին, որ «մենք այս երկրին մէջ պատանդ չենք»։
Այս յայտարարագիրը մեկնաբանելու ընթացքին Շահին ըսաւ, որ ինք շատ բնական կը նկատէ փոքրամասնական հայրենակիցներու այդ անհանգստութիւնը։ «Երեւակայեցէք, որ մենք ուրիշ երկրի մը մէջ կ՚ապրինք. հոն մեր ինքնութեան առնչութեամբ կարգ մը պահանջներ կը ներկայացնենք իշխանութիւններուն եւ այդ երկրին քաղաքացին ըլլալով հանդերձ տարբեր վերաբերումի կ՚ենթարկուինք: Այն ատեն մենք եւս նոյն հակազդեցութիւնը ցոյց կու տանք։ Մենք, իբրեւ կառավարութիւն, բոլորին նկատմամբ հաւասար վերաբերում ցոյց պէտք է տանք։ Հակառակը՝ անհանգստութիւններ կը ստեղծէ եւ պատճառ կը դառնայ, որ նմանօրինակ յայտարարագիրներ հրատարակուին», ըսաւ Շահին։
Ազգայնամոլ շրջանակներ լուրջ մտահոգութիւններ ունին վագըֆներու օրինագիծը բարեկարգելու աշխատանքներուն նկատմամբ:
Յայտնենք, թէ ընդդիմութեան ցուցաբերած կեցուածքին պատճառով ձախողութեան մատնուեցաւ փոքրամասնութեանց դպրոցներու վրայ պարտադրուած սահմանափակում մը վերցնելու առաջարկ մը: Արդարեւ, կառավարութիւնը յարմար տեսած էր, որ փոքրամասնական վարժարանները օտարահպատակ մանուկներ եւս ընդունին իբրեւ աշակերտ։ Այս կերպով հայկական վարժարանները, օրինակ, պիտի կարենային իբրեւ աշակերտ ընդունիլ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ունեցող ընտանիքներու զաւակները, սակայն ընդդիմութեան առջեւ տեղի տալով, կառավարութիւնը նահանջեց։