ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ըստ U.S. News & World Report թերթին կատարած տարեկան ուսումնասիրութեան՝ Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու լաւագոյն կրթաշրջաններու ցանկին վրայ:
Նախորդ տարուան հետ համեմատած՝ Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանէն «Քլարք» երկրորդական վարժարանը կը գտնուի լաւագոյններուն առաջին մէկ տոկոսին մէջ, Քրեսենթա հովիտի երկրորդական վարժարանը` 4 տոկոսին, «Հուվըր»ը` 13 տոկոսին, իսկ Կլենտէյլի երկրորդական վարժարանը` 16 տոկոսին մէջ:
Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան ատենապետ Նայիրի Նահապետեան իբրեւ հպարտութեան աղբիւր ընդունեց այս ուսումնասիրութեան արդիւնքները՝ ողջունելի իրողութիւն համարելով այն, որ վարժարաններուն մակարդակը տարուէ տարի կը շարունակէ բարելաւուիլ:
Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վերահսկիչ դոկտ. Վիվիան Էքչեան աւելցուց, թէ այս բոլորը կարելի կը դառնան յատկապէս կրթաշրջանի նուիրեալ ուսուցիչներուն, անձնակազմին, տնօրէններուն եւ ծնողներուն ջանքերուն շնորհիւ: