ՆԻԿՈՍԻԱ, «Ռոյթըրզ».- Ցարդ իր ամենախիստ ոճը գործածելով, Կիպրոսի նախագահ Թասսոս Փափատոփուլոս Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25ին յայտարարեց, թէ Եւրոպական միութեան անդամակցելու փորձ կատարող Թուրքիոյ համար «լուրջ հարց» պիտի ծագի, եթէ Անգարա մերժէ կատարել Կիպրոսի հանդէպ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները:
Կիպրոսի նախագահը շեշտեց, թէ Թուրքիա ոչ մէկ իրաւունք ունի իր պայմանները պարտադրելու Եւրոպական միութեան, յիշեցնելով, թէ Թուրքիան է, որ Եւրոմիութեան անդամակցութեան դիմում կատարած է:
Խօսելէ ետք պարտաւորութիւնները չկատարելու պարագային «շոգեկառքի արկածի» մը հաւանականութեան մասին, Փափատոփուլոս աւելցուց, թէ «նման հարց չեն ուզեր յարուցել, սակայն Եւրոմիութիւն-Թուրքիա տագնապի մը պատասխանատուութիւնը ամբողջութեամբ Անգարայի ձեռքերուն մէջն է»:
Նիկոսիա Եւրոմիութեան մէջ վէթոյի իրաւասութիւնը կը գործածէ Թուրքիոյ հետ անդամակցութեան բանակցութեանց յաջորդ հանգրուանները խափանելու համար եւ կը շեշտէ, թէ արգելքը պիտի վերցուի միայն, երբ Թուրքիա իր օդակայաններն ու նաւահանգիստները բանայ Կիպրոսի առջեւ: