Սոնա Մատարեան

Բնութիւնը լաւագոյն դաստիարակն է Երկիր մոլորակին ու անոր մէջ բացարձակ իրաւունքի «երանելի» ճոխութիւնն ապրող՝ մարդ անհատին:
Մեր նախնիները, մեր մեծերը (իմաստուններ), իրենց «չ»ունեցած գիտութեամբ եւ համեստ գիտելիքներով, որ ստացած էին միայն ու միայն՝ մայր բնութենէն; Անոնք իրենք իրենց գործնական հաւատով կ՛ըսէին. «Ծառին արմատները կը փտին, երբ որդը ներսէն ուտէ զինք, իսկ եթէ արմատը պինդ է, փչող սուր քամին իսկ բունը տեղէն չի շարժեր»։ «Է՜հ, երնէկ էն օրերու հաւատին ու կամքին…», պիտի ըսէին Թումանեանի տիպարները:
Այսօր մե՛նք եւ մե՛ր սարերը, մե՛նք եւ մե՛ր երկիրը, մե՛նք եւ մե՛ր ազգը, մե՛նք եւ մե՛ր Սփիւռքը, մե՛նք ու մե՛րոնք, տուեալ արտաքին ցնցումները անտեսելով, ներքին ցնցումներով «հրապուրուած» ու տարուած ենք, ինչպէս նաեւ մեր «Ես»երով եւ մեր «Ես»ը փայփայող ու սնող, բայց եւ շրջապատն ու հոգիները խռովք տարածող ու ցնցող նկրտումներով..:
Հայոց աշխարհը, Հայոց Սփիւռքն ու հայ մարդը, անցեալի իր տառապանքներէն յառնելով, իր ամրակուռ կամքով եւ նորանոր ստեղծագործութիւններով երազեց ու տիրացաւ իր պանծալի գոյութեան եւ յարատեւութեան։ Սերունդներ փոխադարձաբար յաջորդեցին, նորոգուեցան եւ առաւել կայտառ եւ նոր աշխարհի «լեզու»ով ու գիտութեամբ ամրապնդուեցան՝ ներկայով եւ գալիք ապագայի պայծառ հաւատքով: Սակայն, այսօր կարծէք հայուն աշխարհն ու ներաշխարհը շուռ եկած է, կամ «բերին» եւ դեռ աւելին կ՛ուզեն բերել… Ինչո՞ւ, ի՞նչ եղաւ, ի՞նչ խոստացան։ Հաստատ, պատասխանը ունին անոնք, որոնք գիտեն իրենց «Ես»ին, քան «Մենք»ին, արժէքն ու անփոխարինելիութիւնը։
Անկեղծօրէ՛ն, խոստովանիմ, որ հոգիս անսահման է, իսկ խօսքս հոգիիս անկեղծ արտայայտութիւնն է, որ տարիներով, աճեցաւ անոր խորքէն եկած ՀԱՅ արմատներուս բնածին հաւատքէս եւ տարիներով ջրուած ու ծաղկած անդրդուելի՝ հայրենասիրութեանս եւ ազգային հպարտ արմատներուս հաստատակամութենէն:
Ի դէպ, ծառը կեանքի խորհրդանիշն է, իսկ արմատները՝ անոր գոյութեան հաւաստիքն են, սակայն ծառին բունը յարատեւ պէ՛տք է հաւատարիմ մնայ իր արմատներուն, ապահովելու, ճիւղերուն եւ տերեւներուն առողջ՝ ծաղկունքն ու պտղաբերումի բնական օրէնքը, սակայն այսօր «Մեր Ծառը»ի ճիւղերն ու իր հետ գոյակցող տերեւները, որեւէ հովի եւ կամ փչող քամիի հետ շուռ կու գան, մոռնալով զիրենք աճեցնող եւ ծաղկեցնող ՝ արմատներն ու հաստաբուն հաւատարիմ ԾԱՌԸ..երը:
Ինչո՞ւ այսքան յաւակնութիւն՝ կործանարար «Ես»ի եւ ինչո՞ւ մոռացում «Մենք»ի: Ըսէ՛ք խնդրեմ, ինչպէ՞ս մոռնալ մեր արօրն ու արտը եւ ջուր լեցնել թշնամիի ջրաղացին ու հասնիլ այսպիսի ապառողջ մթնոլորտի մը, դիւրացնելով թշնամիին անընդունելի յոխորտանքը եւ թշնամական ծրագիրները , ապա եւ ուղեղալուացումով հրահրել մտքերը՝ «խաղաղութիւն ի գին հայրենազրկութեան» քարոզով։
Ցաւօ՛ք, վա՜յ քեզ ծաղկող նոր սերունդ, որ ամօթով եւ ափսոսանքով պիտի թերթատես անմիջական անցեալիդ՝ հայրենական եւ սփիւռքեան էջերդ, եւ քու կարգի՛դ թերեւս յուսախաբուածի արդար հակազդեցութեամբ՝ պիտի արհամարհես դարաւոր արմատներդ եւ նոր ու անմիջական «օտար» արմատներով պիտի ծաղկիս ու գործես՝ վտարանդի «հայ»ու ցաւոտ ճակատագրով:
Գիտե՛նք, որ աշխարհը անսահման է ու անոր հարցերը՝ անսահման:
Սակայն, հայրենիքս բուռ մըն է, իսկ սփիւռքս տարածուած ու ազգս «մատներ»ու վրայ համրուած, սակայն եւ մեր հարցերը՝ ԱՆՍԱՀՄԱՆ…
Ինչպէ՞ս թուաբանել եւ անհանգիստ չըլլալ..:
«Մի ողջ ժողովուրդ մէկ- մէկ «բաժնել»
Մի ամբողջ «անտառ» արմատից հանել..»
Դէ՛, ե՛կ «վարդապետ» ու մի խենթանայ..
Գարուն ա ձուն ա արել…:
Միացէ՛ք հայեր, հայեր միացէ՛ք
Հայրենիքն ու Սփիւռքը, ձեզ է կանչում օգնութեան հասէ՛ք
Դեռ ճամբայ ունինք, պիտ՛ հասնինք Սասուն
Քաջերի հողը մեզ է սպասում..:
Անցեալին երգեցին խրոխտ սրտով ու անցան խրոխտ քայլերով…
Ժառանգ ձգեցին եւ վստահեցան խրոխտ հաւատքով…
Եկէ՛ք այսօր միասնական հաւատքով ու կամքով ու խօսքով՝ գործե՛նք խրոխտ ու յառաջանանք՝ առաւել խրոխտ քայլերով, ամուր հիմքերու վրայ կերտելու, մեր գալիք արժանաւոր սերունդներուն արժանավայել՝ ՆՈՐ ու ԽԱՂԱՂ միասնական ՀԱՅերու ապագան: