ՄՈՆԹՐԷԱԼ․- Ուրբաթ, 22 Ապրիլի երեկոյեան, Քեմպրիճի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Ապրիլեան Մեծ Եղեռնի ոգեկոչում, կազմակերպութեամբ՝ Քեմպրիճի Հայ Դատի յանձնախումբին: Հանդիսութեան ներկայ էին շրջանի հոգեւոր հովիւը, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբի անդամներ, Գանատայի Հայ Դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէնը, քաղաքական հիւրեր, ՀՅԴ «Արամ-Դրօ» կոմիտէի ներկայացուցիչը, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծն Քեմպրիճի տարբեր շրջաններէ ժամանած հայորդիներ:
ՀՄԸՄի Քեմպրիճի դրօշակակիր սկաուտներու առաջնորդութեամբ, սրահ մուտք գործեցին պատուոյ հիւրերը, որմէ ետք Գանատայի եւ Հայաստանի օրհներգներով հանդէս եկաւ Լուսիկ Արոյեան, ապա ներկայները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն:
Բեմ բարձրացաւ օրուան հանդիսավարը՝ Ալիս Նաճարեանը, որ անգլերէնով ամփոփ պատմական մը ներկայացնելէ ետք ողջունեց ներկաները, որմէ ետք Ցոլեր Մկրտիչեան հայերէնով փոխանցեց ՀՅԴ «Արամ-Դրօ» եւ Քեմպրիճի Հայ Դատի յանձնախումբի խօսքը:
Օրուան պատգամաբերն էր Գանատայի Հայ Դատի գործադիր տնօրէն Սեւակ Պէլեան: Ան յայտնեց, թէ այս օրը սուգի օր չէ այլեւս, այլ հպարտութեան օր է, որովհետեւ մենք չենք ճանչնար վախը եւ չենք ընդունիր որեւէ արգելք արդարութեան հասնելու ճանապարհին: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի վերջին գործողութիւնները կը հանդիսանան Հայոց Ցեղասպանութեան շարունակութիւնը եւ նոր սպառնալիք են հայ ժողովուրդի գոյութեան: Ապա, յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան եւ իրենց զօրակցական խօսքերը ուղղեցին հայ ժողովուրդին եւ ներկաներուն օրուան քաղաքական հիւրերը: