ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 26 Ապրիլին, Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Գրիգոր Արշակեան եւ Հայաստանի Ազգային կինոկենտրոնի տնօրէնի պաշտօնակատար Շուշանիկ Միրզախանեան ստորագրեցին համագործակցութեան յուշագիր մը, որմով երկու կազմակերպութիւններուն միջեւ լայն փոխգործակցութիւն պիտի ծաւալի` Հայաստանի Հանրապետութեան սեփականութիւն հանդիսացող շարժապատկերներու պահպանման, թուայնացման եւ հանրահռչակման ուղղութեամբ:
Այս համաձայնութիւնը կը վերաբերի խաղարկային (գեղարուեստական), վաւերագրական, շարժանկար եւ ժամանակագրական ժապաւէններուն ։
Հայաստանի Ազգային արխիւի «Կինոֆոտոֆոնօ մասնաճիւղ»ին մէջ կը պահուին տասնեակ հազարաւոր նկարներ եւ ժապաւէններ, որոնք այսուհետեւ պիտի վերականգնին եւ պիտի գործարկուին միացեալ ջանքերով:
Ըստ յուշագիրին` «Ազգային արխիւը «Կինոկենտրոն»ին է տրամադրում հայկական կինոնկարների ելանիւթային ժապաւէնները` թուային վերականգնման եւ կոմերցիոն (առեւտրական) ու ոչ-կոմերցիոն նպատակներով օգտագործման համար: Պետական յոբելեանական միջոցառումների, միջազգային փառատօների ներկայացուածութեան հարցն այսուհետ կ՛որոշուի երկու կողմերի համատեղ գնահատմամբ: Ժապաւէնների սկանաւորումից (թուանշագրումով ընդօրինակելէ) եւ վերականգնումից յետոյ Ազգային արխիւին կը վերադարձուեն բնօրինակ եւ ձայնագրուած երկու նոր օրինակներ: Ազգային արխիւն իր տրամադրած նիւթերի հանդէպ սահմանում է պայմանագրային վերահսկողութիւն` միաժամանակ շատ չմիջամտելով ազգային կինոկենտրոնի գործողութիւններին», կ՛ըսուի այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։
Այսպիսով, յուշագիրով նոր շունչ կը հաղորդուի տասնամեակներ շարունակ Ազգային արխիւի պահոցներուն մէջ գտնուող հայկական շարժապատկերներուն, հին ժապաւէններուն եւ լուսանկարներուն:
Անոնք պիտի յանձնուին մասնագիտական վերամշակման` դիւրացնելով հայկական շարժապատկերներու հետագայ ներկայացուածութիւնը: