
107 տարիներ անցած են հայուն դէմ գործուած Ցեղասպանութենէն եւ անհատոյց մնացած հայ ժողովուրդը ամէն տարի կ՛ոգեկոչէ Մեծ Եղեռնի սրբադասուած նահատակներուն անմեռ յիշատակը: Այս առիթով, Հինգշաբթի, 21 Ապրիլին, Հայ Քոյրերու վարժարանին մէջ Ս. պատարագ մատուցեց Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեան,:
Պատարագի աւարտին, վարժարանի աշակերտները ծաղիկներ տեղադրեցին դպրոցի շրջափակին մէջ զետեղուած Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտ յուշակոթողին շուրջ: Այս արարողութեան ընթացքին աշակերտները երգեցին «Հանգչեցէք»ը, իսկ առաջնորդը օրհնեց ծաղիկները եւ աղօթքով փակեց արարողութիւնը:
Ուրբաթ, 22 Ապրիլին, վարժարանիս սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ապրիլեան նահատակներու յիշատակին նուիրուած հանդիսութիւն մը: Հանդիսավարն էր միջնակարգ բաժինի հայերէնի դասատու Մարիա Եարալեան:
Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ վարժարանի տնօրէն դոկտ. Խուլիօ Թէյէզ, որ ըսաւ. «Ես հայ չեմ եւ շատ սորվելիք ունիմ Հայաստանի եւ հայոց լեզուին մասին: Ձեր նախահայրերը սպաննուեցան, որովհետեւ կը պաշտպանէին իրենց հողը, իրենց տունը, որպէսզի դուք աւելի պայծառ ապագայ ունենաք», մաղթելով, որ օր մը ինք ալ կարենայ հայերէնով հաղորդակցիլ եւ աշակերտներէն սորվիլ լեզուն եւ պատմութիւնը:
Գեղարուեստական յայտագիրով, 1-5րդ դասարանի աշակերտները կատարեցին «Հանգչեցէք, Եղբայրներ» երգը, 6րդ դասարանցիները՝ «Մի Խառնէք Մեզ» եւ The Armenian Genocide բանաստեղծութիւնները, 2րդ եւ 3դ դասարանի աշակերտները՝ «Տէր Զօր» ասմունքը եւ «Ես Մի Հայ Պատանի» երգը:
Օրուան պատգամը փոխանցեց վարժարանի փոխտնօրէնուհի Ռիթա Պոյաճեան: «Հայոց պատմութեան մէջ կայ թուական մը, որ երբեք չէք մոռնար, այն ալ 24 Ապրիլ 1915 թուականն է: Մեր նախահայրերը ջարդուեցան աէնէն գազանային ձեւերով եւ ﬔնք այս էջը ﬔր պատմութեան ﬕշտ կը խոստանանք յիշել՝ մնալով հայ եւ խօսելով հայերէն», ըսաւ ան՝ շեշտելով պահանջատէր մնալու կարեւորութիւնը, ըլլալով յաջողակ անհատեր, յաջողակ փաստաբաններ, քաղաքական գործիչներ: Պոյաճեան իր խօսքը աւարտեց՝ ըսելով․ «Մենք միասնական պիտի ըլլանք եւ իրար պիտի բարձրացնենք, պիտի չնախանձինք իրարու յաջողութիւններէն, բոլորս միասին պիտի յաջողինք, որպէսզի ﬔր ﬕակամ աշխատանքով վերադարձնենք մեր իրաւունքները»:

8րդ դասարանը ասմունքեց «Անլռելի Զանգակատուն»էն հատուածներ եւ անգլերէնով փոխանցեց աշակերտութեան խօսքը: 4րդ դասարանը ներկայացուց Ուիլեըմ Սարոյեանի «Կ՛ուզեմ Տեսնել»ը, որուն սպաներէնը ներկայացուցին 5րդ դասարանցիները: Ապա, երկու դասարանները միասնաբար երգեցին «Քաղցրիկ Հայաստան» երգը, իսկ 7րդ դասարանը ասմունքեց «Մենք» բանաստեղծութիւնը: Այնուհետեւ, Ա. դասարանի աշակերտները ներկայացուցին «Իմ Քաղցրանուն» ասմունքը, եւ մանկապարտէզի աշակերտներուն հետ երգեցին «Հայորդիք» երգը:
Վարժարանիս մեծաւորուհի քոյր Լուիզա Գասարճեան խօսք առնելով՝ ըսաւ, որ Հայ Քոյրերու վարժարանը եւ այլ հայկական վարժարաններ աշակերտներուն հայերէն կը սորվեցնեն, բայց եթէ ծնողները իրենց զաւակներուն հետ հայերէն չխօսին, դպրոցին աշխատանքը ի դերեւ կ՛ելլէ: «Պէտք չէ գայ օր, որ ըսենք՝ իմ ծնողքս հայ էր: Հայ մնալու համար պէտք է հայերէն խօսինք, հայերէն երգ լսենք ու պարենք, հայկական ճաշեր ուտենք, եւ հայ եկեղեցի յաճախենք: Հայ ժողովուրդը նախընտրեց զոհուիլ, քան իր հաւատքը ուրանալ», ըսաւ ան եւ իր խօսքը աւարտեց՝ պատգաﬔլով. «Մի՛ մոռնաք որ հայ էք, շնորհակալ եղէք, որ ձեր ծնողները ձեզ ուղարկած են հայկական վարժարան եւ դուք ալ երբմեծնաք, իրենց օրինակով, ձեր զաւակները ուղարկեցէք հայկական վարժարան»:
Փակման խօսքով, Միքայէլ եպս. Մուրատեան ընդգծեց, որ պէտք է ﬔր հայութեամբ հպարտ ըլլանք, որովհետեւ աէնէն հին ազգերէն մէկն ենք, եղած ենք այն առաջին երկիրներէն, որ իր թագաւորական պետութիւնը ունեցած է, եղած ենք առաջիններէն, որ իր սեփական գիրն ու գրականութիւնը ունեցած է, առաջին քրիստոնեայ ազգն ենք: «Այս բոլորը պատմութիւն են, եւ պատմութիւնը ժողովուրդը կը գրէ: Հայոց պատմութիւնը դուք պիտի գրէք. եթէ դուք չապրիք ձեր հայութիւնը, դուք պիտի չկրնաք հայոց պատմութիւնը շարունակել: Այդ պատճառով, հաւատարիմ պէտք է մնանք ﬔր նախահայրերուն պատգաﬕն՝ կառչած մնալ ﬔր քրիստոնէական հաւատքին ու ազգային պատկանելիութեան: Այդպէս է որ չենք մոռնար մեր նահատակները եւ կը պահանջենք մեր իրաւունքները», Միքայէլ եպս. Մուրատեան:
Ոգեկոչումը աւարտեցաւ խմբային աղօթելով «Հայր Մեր»ը:
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)