ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան եւ Արցախի Ազգային ժողովի խմբակցութիւններու ղեկավարները քննարկեցին տարածաշրջանային վերջին զարգացումները: Անոնք անդրադարձան նաեւ ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ Արցախի արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցեր։
Դաւիթ Բաբայեան ընդգծեց, որ Արցախի արտաքին հայեցակարգին մէջ ընդգրկուած գերխնդիրները մնացած են անփոփոխ` Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչումը, ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորումը` պաշտօնական Ստեփանակերտի լիիրաւ մասնակցութեամբ, երկկողմանի յարաբերութիւններու ընդլայնումը եւ խորացումը ու Արցախի աշխարհաքաղաքական ենթակայ կողմ ըլլալու կարգավիճակի պահպանումը։
Մինչ այդ, օր մը առաջ, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւննեան կառավարութեան նիստին յայտարարեց, որ Արցախի կարգավիճակին վերաբերեալ այս փուլին, որեւէ փաստաթուղթ չի քննարկուիր, եւ որ Հայաստանի վարչապետին հետ կայ յստակ պայմանաւորուածութիւն, որ կարգավիճակի վերաբերեալ միջազգային մակարդակի վրայ քննարկման պարագային հայկական կողմի դիրքորոշումը պէտք է համաձայնեցուած ըլլայ Արցախի իշխանութիւններու եւ ժողովուրդն կարծիքին հետ: