ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21ին ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Աննանի յղեց պատգամ մը՝ թելադրելով անոր, որ Լիբանանի կառավարութեան հետ գործակցաբար եւ Լիբանանի սահմանադրութեան համապատասխան՝ Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով միջազգային ատեանի կազմութեան վերջին քայլերուն դիմէ:
Ապահովութեան խորհուրդը յայտնեց, որ ատեանը կարելի է կազմել միայն անոր գործունէութեան առաջին տարուան ծախսերը հոգալու բաւարար գումար մը ապահովելէ ետք:
Լիբանան պէտք է տրամադրէ այդ գումարին 49 առ հարիւրը, իսկ մնացեալը պիտի գոյանայ ՄԱԿի անդամներուն կամաւոր նուիրատուութիւններով: