ՏՈՔԹ.ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ

1915ի Մեծ Եղեռնի ժամանակ կային նաեւ հայերը ջարդէն փրկող բազմաթիւ բարեխիղճ, արդար, խաղաղասէր թուրքեր, որոնք դէմ էին կատարուած սարսափազդու ոճրագործութեան, վայրագութեան, հայերու սպանութեան: Անոնք իրենց կեանքերը վտանգի տակ դնելով, հայերը իրենց պաշտպանութեան տակ դրին:
Կային նաեւ թուրք պաշտօնեաներ, օրինակ՝ Քոնիայի եւ Հալէպի նահանգապետ Ճէլալ պէյը, որ կանխեց շատ մը հայերու Տէր Զօր ուղարկումը: Անգարայի կուսակալ Մազհար պէյ եւս դէմ էր հայ բնակիչներուն տարագրութեան, հետեւաբար Օգոստոս 1915ին պաշտօնէն հեռացուեցաւ:
Քէօթահիայի քաղաքապետ Ֆայք Ալի Օզանսոյ ոչ միայն արգելք եղաւ քաղաքի հայերուն տարագրութեան, այլ նաեւ չխնայեց բոլոր տեսակի օգնութիւն ու ջերմ ցուցաբերում հարեւան քաղաքներէն Քէօթահիա ժամանած հայերուն: Ան ստեղծեց հնարաւորութիւններ, որպէսզի հայ երեխաները կրթութիւնէն չզրկուին և այս ուղղութեամբ մեծ ջանքեր գործադրեց:

Գաւառապետ Հիւսէյն Նէսիմ պէյը, գաւառապետի տեղակալ Սապիթ պէյը, կուսակալ Ֆէրիտ պէյը, քաղաքապետ Պէտիր Նուրի պէյ, որոնք մերժած էին տեղահանութեան հրահանգը, ինչպէս նաեւ Մեծ Եղեռնի դէմ կանգնող մեծ թիւով բարեսիրտ արդար, ողջամիտ թուրքեր սպաննուեցան Տիգրանակերտի կուսակալ Ռէշիտ պէյի հրամանով:
Ապրիլ 24ի յիշատակի օրը, ես կ՛ուզեմ հայ նահատակներու հետ միասին ոգեկոչել նաեւ 1915ին իրենց կեանքը վտանգի տակ դնելով, հայերու հետ եղած, հայերու օգնող, խղճմտանք ունեցող բոլոր թուրքերը, որոնք դէմ էին անմարդկային ոճրագործութեան եւ կը պաշտպանէին հայերը ու անոնց գոյատեւման համար զոհողութիւններ ըրին:
Կը յուսամ, թէ Ապրիլ 24ի յիշատակումները առիթ կը ստեղծեն յանցաւոր մտայնութեան եւ այդ մտայնութենէն վնասուող կողմերու միջեւ «արդարութեան ու խաղաղութեան ընդհանուր լեզու» մը գտնելու համար:
Ես յարգանքով եւ ողորմութեամբ կը խոնարհիմ 24 Ապրիլ 1915 թուականի բոլոր զոհերու յիշատակին առջեւ:
Խունկ եւ աղօթք անոնց բոլորի հոգիներուն:
Ձեզի բան մը պիտի ըսէմ. աս ըսվածը շիտակ է, բայց աս գրութիւնը Ապրիլ 24ի օրերուն դնելը սխալ է: Մէկը չիկայ որ չիգիտէր որ շատ թիւրքեր հայերու ազատէր են, բայց անոնց մասին հիմա գրելը գիտէ՞ք ինչի կը նմանի, կը նմանի Բաշինեանի ըսածին, որ թիւրքերուն հետ կարելի է հանգիստ մը ապրիլ, Արցախը Ատըրպայճանին մէջ ըլլալով ապագա ունի: Ես աս գրութիւնը հիմա դնելնուդ դէմ եմ. եթէ արաբներուն փրկելուն մասին գրէիք, շատ աւելի շիտակ պիտի ըլլար, ասի ալ ուրիշ ատեն դնէիք:
ապգ