ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն յայտնեցին, որ Էնտրիւ Շոֆըր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Կովկասեան բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդականն է։
«Այդ պաշտօնին անոր պարտականութիւնները կը ներառեն ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահի գործառոյթներ կատարելը եւ ղեկավարելը Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութիւնը` Ժընեւի միջազգային քննարկումներուն Վրաստան-Ռուսիա հակամարտութեան վերաբերեալ», նշուեցաւ «Ազատութեան» հարցումին իբրեւ պատասխան։
«Ազատութիւն»ը ուզեց գիտնալ, թէ արդեօք այս կը նշանակէ՞, որ Միացեալ Նահանգները կը հրաժարի Մինսքի խումբէն, թէ ոչ նոր պաշտօնեայ մը պիտի նշանակուի՝ իբրեւ ամերիկացի համանախագահ:
«Միացեալ Նահանգները հաւատարիմ կը մնայ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի խաղաղ, ժողովրդավարական եւ բարգաւաճ ապագայի խթանման», պատասխանեց։
«Ազատութեան» լրագրողը հարցուց, որ Միացեալ Նահանգները կարելի կը նկատէ՞ Մինսքի խումբի հետագայ գործունէութիւնը Ռուսիոյ հետ ներկայիս լարուած իրավիճակին մէջ. դեսպանատունը արձագանգեց, որ իրենք կ՛ողջունեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի վերջին ջանքերը` անմիջականօրէն, ուղիղ ներգրաւուելու ղեկավարներու եւ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով․ երկու կողմերուն պարտաւորութիւնը եւ ճկունութիւնը, երկկողմ ուղղակի համագործակցութիւնը առանցքային են տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար:
«Միացեալ Նահանգները պատրաստ է աջակցիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի այդ ջանքերուն, որոնց կարգին՝ իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիր», կ՛ըսուի դեսպանատան գրաւոր պատասխանին մէջ։