ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի տարուան ձեռնարկներուն շարքին է նաեւ հայկական խաչքարերու ցուցադրութիւն մը Փարիզի «Լուվր» թանգարանին մէջ:
Ցուցահանդէսը իր տեսակին մէջ առաջինը պիտի ըլլայ եւ կ’ակնկալուի, որ ցուցադրուին 40 խաչքարեր: