
Հայ ժողովուրդը գոյութենական տագնապ մը կը դիմագրաւէ Արցախի սահմանային դիրքերը, քաղաքացիները եւ ենթակառոյցները վայրագօրէն թիրախ դարձնելու` իր թշնամիին` Ատրպէյճանի, որդեգրած յարձակողապաշտ քաղաքականութեան պատճառով: Առաւել քան դարէ մը ի վեր գործադրութեան դրուած համաթուրանական ծրագիրներու հետապնդումը դարձեալ աշխուժացնելու նպատակով, Պաքու կը շարունակէ ցեղային զտումի իր քաղաքականութիւնը:
Արցախի իշխանութիւնները կը շեշտեն արդէն, որ այս Ատրպէյճանի ցեղային մաքրագործումի քաղաքականութեան շարունակութիւնն է, որուն աղաղակող ապացոյցներն են` վերջերս ատրպեճանական ուժերուն կողմէ Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղ ներխուժումը եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Քարագլուխ կոչուած բարձունքին վրայ յառաջանալու քայլերը:
Մինչ զինադադարի խախտումները կը շարունակուին եւ կը բազմանան, քաղաքական քննարկումներու կիզակէտը դարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ այսպէս կոչուած «խաղաղութեան համաձայնագիր»ը, որուն Հայաստանի ղեկավարութիւնը (ներառեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան) կը յամառի կառչիլ` ըսելով, որ միջազգային ճնշումներու պատճառով եւ շրջանին մէջ «խաղաղութիւն» հաստատելու համար, Հայաստան այլ ընտրութիւն չունի բացի ստորագրելէ այսպիսի համաձայնագիր մը, որ միաժամանակ հարցականի տակ կը դնէ Արցախի անկախութիւնը, անոր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ արցախահայութեան երազանքը` ազատօրէն ապրելու իր պատմական հայրենիքին մէջ:
Բոլոր ժողովուրդները կ՛ուզեն խաղաղութեան մէջ ապրիլ, սակայն ոչ բռնատէրերու ենթարկուելու եւ յարձակումի թիրախ դառնալու մշտական սարսափը ապրելու գնով:
Աւելի քան երկու տասնամեակներէ ի վեր Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման սխալ մեկնակէտը եղած էին Հայաստանի վրայ գործադրուող ճնշումները` Ատրպէյճանին վերադարձնելու համար տարածքներ, խրախուսելով այս վերջինը` գործելու միջազգային միջնորդներուն դրած խաղի սկզբունքներուն հիման վրայ:
2020ի պատերազմին ընթացքին, մենք բոլորս ականատես եղանք միջազգային հանրութեան խլացնող լռութեան: Սակայն, օրին լուսանցքներու մէջ կանգնած ըլլալով, միջազգային կարեւոր դերակատարները, յատկապէս ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահները, այսօր ջատագովը կը հանդիսանան Ատրպէյճանի հետ այսպէս կոչուած «խաղաղութեան համաձայնագիր»ի կնքման եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ճիգերուն, առանց դատապարտելու այս երկուքին միասնաբար գործած միջազգային եւ մարդկային իրաւունքի խախտումները 2020ի պատերազմին ընթացքին, գէթ այն խստութեամբ, որմով այսօր անոնք կը դատապարտեն ուքրանական տագնապին մէջ` Ռուսիոյ գործած ենթադրեալ խախտումները:
1988էն` Արցախի ազատագրութեան շարժումի սկզբնաւորութենէն, ի վեր, մենք ոչ միայն պաշտպանած ենք, այլեւ առանց երկմտանքի զօրավիգ կանգնած ենք Արցախի ժողովուրդի` իր ճակատագիրին տէրը ըլլալու վճռականութեան: Այսօր, հակառակ ազգովին մեր կրած անյաղթահարելի կորուստներուն (եւ կատարած` տարածքային զիջումներուն) Արցախի ժողովուրդի հիմնական իրաւունքները կարելի չէ ոտնահարել 2020ի պատերազմին պատճառով ստեղծուած բարդ իրադրութեան մէջ արագ լուծումի մը յանգելու սիրոյն:
Զօրավիգ կը կանգնինք Արցախի ժողովուրդի եւ իշխանութիւններու այն կեցուածքին, որ որեւէ փորձ` վտանգի ենթարկելու Արցախի անկախութիւնը եւ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը կարմիր գիծ է, զոր պէտք չէ անցնիլ: Այս հիմնական սկզբունքներուն եւ իրաւունքներուն կարելի եղաւ հասնիլ թշնամիի ժանիքներէն Արցախը ազատագրելու համար խիզախաբար մարտնչած մեր հերոսական այրերու եւ կանանց թափած արեան շնորհիւ:
Կոչ կ՛ուղղենք համայն հայութեան` անսակարկօրէն զօրավիգ կանգնելու Արցախի ժողովուրդին եւ հաստատօրէն պահպանելու Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը եւ անկախութիւնը:
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
18 Ապրիլ, 2022