ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 18 Ապրիլին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի հետ:
Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմէն կը տեղեկացնեն, որ զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին Եւրոպական խորհուրդի նախագահին, Հայաստանի վարչապետին եւ Ատրպէյճանի նախագահին միջեւ 6 Ապրիլին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին, տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու օրակարգի շարք մը հարցերու գծով:
Փաշինեան եւ Միշէլ քննարկեցին նաեւ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան տնտեսական եւ ներդրումային ծրագիրի ծիրին մէջ, Հայաստանին 2.6 միլիառ եուրօ յատկացնելու պայմանաւորուածութեան կատարման ընթացքը եւ ընդգծեցին ներդրումային ծրարով նախատեսուած ծրագիրներու արդիւնաւէտ իրագործման կարեւորութիւնը: Շարլ Միշէլ վերահաստատեց Հայաստանի համար նախատեսուած ներդրումային ծրագիրը ամբողջական կերպով իրականացնելու Եւրոպական Միութեան յանձնառութիւնը եւ ընդգծեց ծրագիրներու գործնական իրագործման փուլը կարելի եղածին չափ արագ սկսելու կարեւորութիւնը: