
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուի ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի Միացեալ Նահանգներու համանախագահ Էնտրիւ Շոֆըր, որ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին շեշտեց, թէ Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի շրջանակներուն մէջ իր ստանձնած յանձնառութեան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին համապարփակ խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու սկսելուն վերաբերեալ: Միրզոյեան ընդգծեց ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահներուն միջնորդական դերը:
Կարեւոր նկատուեցաւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի կազմութեան վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւններու իրականացումը:
Միրզոյեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Կողմերը մանրամասնօրէն քննարկեցին 44օրեայ պատերազմին իբրեւ արդիւնք ստեղծուած մարդասիռական հարցերը՝ մասնաւորաբար հայ ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու անյապաղ ազատ արձակման եւ հայրենադարձման, ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման հարցերը:
Էնտրիւ Շոֆըր շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի ծիրին մէջ իր ստանձնած յանձնառութեան եւ պարտաւորութիւններուն:
Ապա վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ընդունելով Շոֆըրը՝ կարեւոր նկատեց Միացեալ Նահանգներու դերը՝ իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահ պետութիւն եւ ողջունեց Շոֆըրի այցելութիւնը, որ կարելիութիւն պիտի տայ քննարկելու իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ այս պարունակին մէջ տեղի ունեցող գործընթացները:
Զրուցակիցները ընդգծեցին ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան դերը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման մէջ:
Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ հանդիպումին վերջինը Շոֆըրին ներկայացուց վերջերս ատրպէյճանական զինուած ուժերու ներխուժման պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը:
Գրիգորեան նաեւ վերահաստատեց հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը՝ աջակցիլ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու ջանքերուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեւական եւ համապարփակ կարգաւորման համար:
Ասոր զուգահեռ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու գրասենեակը «Թուիթըր»ի վրայ անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններուն՝ողջունելով զանոնք:
«Միացեալ Նահանգները կ՛ողջունէ Ատրպէյճանի հետ խաղաղ բանակցութիւններու վերաբերեալ վարչապետ Փաշինեանի վերջին յայտարարութիւնները, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու վերջին հեռաձայնային զրոյցը եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ խաղաղ բանակցութիւններուն հաւատարմութիւնը», կ՛ըսուի գրութեան մէջ:
Այլ գրառումի մը մէջ կը նշուի, որ Կովկասի բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական Էնտրիւ Շոֆըր տարածաշրջան կ՛այցելէ՝ քննարկելու, թէ Միացեալ Նահանգները ինչպէս կրնայ հոլովոյթին լաւագոյնս աջակցիլ: