ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար կարեւոր եւ հեռատեսական նկատեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի 13 Ապրիլին կատարած յայտարարութիւնը:
«Համապարփակ կարգաւորման ճամբուն վրայ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կը շարունակեն մնալ, սակայն յառաջ շարժիլը կարեւոր է: Հայատան ունի Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը՝ արդար խաղաղութիւն որոնելու հարցին մէջ», գրած է Քլաար «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ: