ԷՆՍԻՆՕ.- Չորեքշաբթի, 6 Ապրիլի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ Մեծ Պահոց Արեւագալի վերջին արարողութիւնը:
Առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան նախագահեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ թէ՛ առաջին եւ թէ վերջին Արեւագալի արարողութեան, իր կողքին ունենալով հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանը եւ եկեղեցւոյ սարկաւագները:

Արեւագալի վերջին արարողութեան ներկայ եղան շրջանի Ազգային երեսփոխանները, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչը, Ֆերահեան Ազգային վարժարանի տնօրէնուհին եւ աւարտական դասարանի աշակերտները ու հաւատացեալներ:
Առաջնորդը իր հոգեպարար պատգամը սկսաւ՝ ըսելով. «Մենք միասնաբար կատարեցինք Մեծ Պահոց շրջանի Արեւագալի վերջին ժամերգութիւնը եւ կարդացուած աղօթքներուն ընդմէջէն ու երգուած շարականներուն ճամբով մենք խնդրեցինք Արարիչ Աստուծմէ, որ Իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը, արեւի պէս ծագեցնէ մեր կեանքին վրայ»՝ աւելցնելով, որ հոգեւոր մեր կեանքը ջերմացնող արեւը Յիսուս Ինքն է, որուն երկրաւոր կեանքի վերջին՝ Աւագ Շաբաթը շուտով պիտի դիմաւորենք՝ Ծաղկազարդի մեծ տօնէն անմիջապէս ետք:
Թորգոմ եպիսկոպոսը աշակերտներուն հասկնալի ոճով բացատրեց նաեւ մարդացեալ Աստուածորդիին հետապնդած փրկագործական նպատակը՝ ընդգծելով, որ իւրաքանչիւր անձ իր մէջ աստուածային մասնիկ մը կը կրէ, որուն ամէնէն ցայտուն դրսեւորումը՝ սիրելու եւ սիրուելու հիմնական պահանջն է մարդ էակին մէջ, պարզապէս անոր համար, որ «Աստուած սէր է», իսկ այս աշխարհը եւ մարդկային կեանքը աստուածային սիրոյն հայելիացումն են: «Աստուծոյ՝ մարդուն տրուած մեծագոյն պարգեւն է խաչեալ եւ յարեալ Քրիստոսը, զոր Աստուած երկինքէն երկիր ղրկեց՝ մարդը իր մեղքէն փրկելու եւ զայն աստուածային պատկերին վերադարձնելու համար», շեշտեց ան:
Յայտնենք, որ յետ եկեղեցական արարողութեան, սրբազանը ներկայ գտնուեցաւ Տիկնանց միութեան կողմէ պատրաստուած «Սիրոյ սեղան»ին, որուն ընթացքին, Արամ Ա. կաթողիկոսի «Սփիւռքի տարուան» հռչակագիրը ուղենիշ ունենալով՝ գրող եւ մանկավարժ Գէորգ Պետիկեան ներկայացուց շինիչ դասախօսութիւն մը: