Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին 2022ը «Սփիւռքի տարի» հռչակելուն առիթով, Ուրբաթ, 8 Ապրիլին տեղի ունեցաւ երկրորդ առցանց խորհրդակցութիւն-քննարկումը: Նիստին նախագահեց վեհափառը: Անոր մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներէն` Խաչիկ Թէօլէլեան, Երուանդ Զօրեան, Հայկ Օշական, Գանատայէն՝ Լոռի Պէրպէրեան, Հայաստանէն՝ Ռուբէն Ճանպազեան, Ֆրանսայէն` Յովէլ Շնորհօքեան, Զուիցերիայէն՝ փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան, Արժանթինէն՝ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Լիբանանէն` Սեդա Խտըշեան, Շահան Գանտահարեան եւ Խաչիկ Տէտէեան:
Տրուած ըլլալով, որ առաջին նիստը յատկացուած էր ընդհանուր մտածումներու տեսութիւններու ներկայացման, որոշուած էր, որ երկրորդ հանդիպումը իբրեւ օրակարգ ունենայ քայլ մը դէպի գործնականացում նիւթը, հեռանկար ունենալով «Սփիւռքի տարի»ն տարբեր ձեւերով յատկանշելու առաջադրանքը։
Հայրապետը բացման իր խօսքին մէջ ընդգծեց.
ա) Սփիւռքը կարիքը ունի վերակազմակերպումի․ այս առիթով ան լուսարձակի տակ առաւ հարցադրումը՝ արդեօք Սփիւռքը պատրա՞ստ է վերակազմակերպուելու։
բ) Իրապաշտ արժեւորումի անհրաժեշտութիւնը, իբրեւ մեկնակէտ՝ հարցերու դիմագրաւման եւ լուծման եղանակներու ճշդումին։
գ) Սփիւռքի վերակազմակերպման աշխատանքներու ծրագրաւորումի գործընթացի մշակումը․ եւ այստեղ իբրեւ ենթաբաժին՝ եկեղեցին, եկեղեցւոյ շուրջ գործող մարմիներն ու միութիւնները եւ մեր աւանդական կառոյցները։
Կաթողիկոսը ընդգծեց, որ նոր օրակարգերու ճշդումի հրատապութիւնը, ի պահանջեալ հարկին, կառոյց, համակարգ, մեթոտաբանութիւն եւ կանոնագրութիւններ արմատապէս բարեփոխելու սկզբունքը։
Այնուհետեւ ծաւալեցաւ մասնագիտական մակարդակի քննարկում։ Ժողովականները կեդրոնացան Սփիւռքի այսօրուան քարտէսին, տարբեր բնութագիրներուն, կորիզ-շերտեր յարաբերակցութեան եւ աշխատանքի թիրախաւորման, ընդհանուր նուազագոյն համաձայնական փաստաթուղթի մը մէջ ամփոփելու համասփիւռքեան առաջադրանքներուն, արհեստագիտութեան, արհեստավարժութեան, թուային-ելեկտրոնային ծրագիրներու ամբողջական օգտագործման՝ ցանցային համակարգեր ստեղծելու հնարաւորութիւններուն եւ յատկապէս մասնագիտական բնագաւառներով նոր աշխատակարգեր որդեգրելու հրամայականին։
Նախորդ նիստին առանցքային կարեւորութեամբ նշուեցաւ երիտասարդութեան եւ կանանց ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը։ Այս երկրորդ նիստին օգտաշատ մասնակցութիւն ունեցան երիտասարդ խաւի ներկայացուցիչներ, որոնք աշխոյժ ներկայութիւն են սփիւռքահայ կազմակերպ կեանքին մէջ։
Նիստի եզրափակիչ խօսքին մէջ վեհափառը քննարկումին ընթացքին հնչած տեսակէտները ամփոփ կէտերու մէջ բանաձեւեց եւ ընդգծեց երեք ուղենիշներ յետագայ աշխատանքներուն համար.
ա. Հաւաքական արժէքներ
բ. Ինքնութիւն
գ. Մասնակցութիւն
Բացատրելէ ետք կէտերու առաջնահերթութիւնը, թէ հաւաքական արժէքներ դաւանելով է որ ինքնութեան հարցը կը սկսի բիւրեղանալ եւ մասնակցութիւնը կ՛ապահովուի, հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց խորքային քննարկումի մասնագիտական մակարդակին եւ հաստատեց, որ ինչպէս առաջադրուած էր այս նիստը արձանագրեց քայլ մը դէպի աշխատանքային ուղղութիւններ, դէպի գործնական դաշտ։