Կիրակի, 3 Ապրիլի երեկոյեան, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Աղօթքի երեկոյ՝ նուիրուած Մայր Հայրենիքի անսասանութեան եւ Հայոց բանակին, նաեւ հոգեհանգստեան ոգեկոչումի արարողութիւն՝ նահատակաց յիշատակին:
Սրբազան արարողութեան ներկայ էին Արեւմտեան ափի հոգեւոր առաջնորդները իրենց ամբողջ հոգեւոր դասով, Արեւմտեան ափի Համահայկական խորհուրդի կազմը, ազգայիններ եւ հաւատացեալներ, որոնց շարքին էին քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները եւ քաղաքական տիրական դէմքեր, ի գլուխ ունենալով Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթին:

Աղօթքի երեկոյին պաշտօնական բացումը կատարեց Յովնան արք. Տէրտէրեան, որ առաջին հերթին ներկաները հրաւիրեց յոտնկայս լռութեամբ յարգելու վերջին օրերուն Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններուն զոհուած նահատակներու յիշատակը։ Առաջնորդը իր խօսքին մէջ ընդգծեց հայոց պետականութեան նուիրականութիւնը։ «Հայրենի պետականութիւնը Աստուծմէ պարգեւ մըն է մեզի տրուած, որուն նկատմամբ բոլորս պիտի ունենանք անվերապահ, նախանձնախնդիր նուիրում: Եւ արտաշխարհի մէջ հայրենիքը ներկայացնող իւրաքանչիւր հիւպատոսութիւն, դեսպանատուն մեզի համար հայրենիք է, որուն առաջ պիտի խոնարհինք՝ մեր զօրակցութիւնը ցոյց տալու համար մեր հայրենիքին: Մենք տէրը, ծառան ու սպասաւորը պիտի ըլլանք մեր հայրենիքին», ըսաւ սրբազանը:
Սրբազանի խօսքին յաջորդեց Sound of Children մանկական երգչախումբի՝ «Սուրբ Սուրբ» եւ «Տէր Ողորմեա՜» շարականներու երգեցողութիւնը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան հանդիսաւոր արարողութիւնը, առաջնորդութեամբ հոգեւոր պետերուն եւ մասնակցութեամբ ոամբղջ հոգեւոր դասին, «Շնորհալի» երգչախումբին երգեցողութեամբ:
Այս արարողութեան իրենց աղօթքը եւ պատգամը փոխանցեցին քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, որոնց շարքին էին Լոս Անճելըսի Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդութիւնը, Յունաց ուղղափառ եկեղեցին, Աւետարանական «Մեթոտիստ» եկեղեցին, Ղպտի ուղղափառ եկեղեցին եւ Ասորական եկեղեցին՝ իրենց պաշտօնական ներկայացուցիչներով:
Հոգեհանգստեան արարողութեան աւարտին, ատեան հրաւիրուեցան իրաւաբան Ստեփան Խզըրթեանը ու Մարալ Ղարիպեան-Քալեմքէրեանը, որոնք հայերէնով ու անգլերէնով իրենց պատգամները յղեցին ներկաներուն:

Օրուան գլխաւոր պատգամաբերն էր քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի, որուն կողքին էին նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան, ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներէն Փօլ Գրիգորեան եւ գաւառի վերահսկիչ Քեթրին Պարկըրի ներկայացուցիչ Աննա Ուրատեանօ:
Արարողութեան երկրորդ բաժինը աղօթք էր՝ նուիրուած հայրենիքի պետականութեան անսասանութեան։ Աւարտին, ներկաները միաբերան երգեցին հայրենի քայլերգը՝ իրենց ուխտը նորոգելով՝ ի սէր հայրենեաց հողին:
Աղօթքի երեկոն իր տեսակին մէջ եզակի էր իր բովանդակութեամբ, որ նուիրուած էր հայրենիքի զօրակցութեան։ Ս. Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ հաւաքած էր համայնքը՝ իր հաւատացեալներով, ի գլուխ ունենալով հոգեւոր պետեր Թորգոմ եպս. Տօնոյեանը, Միքայէլ եպս. Մուրադեանը, վերապատուելի Հենրիկ Շահնազարեանը եւ աշխարհիկ պատասխանատուներու ամբողջ անձնակազմը, մասնակցութեամբ քոյր եկեղեցիներու, քաղաքական գործիչներու եւ պետական այրերու:
Ներկաներուն մտասեւեռումը կեդրոնացած էր հայրենիքի հանդէպ նուիրումին վրայ, յատկապէս նկատի ունենալով փորձութիւններու եւ վտանգի այս դժուար ժամանակները: Բոլորին աղօթքն էր առ Աստուած՝ քրիստոնէական սիրով ու խոնարհումով պաշտպան ու զօրավիգ մնալ հայրենիքին:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ