ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- «Փաստինֆօ»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, Արցախի Ազգային ժողովի «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան քարտուղար Վահրամ Բալայեան, անդրադառնալով Արցախի՝ Ռուսիոյ կազմին մէջ մտնելու հանրաքուէի մասին խօսակցութիւններուն, դիտել տուաւ, որ քաղաքական ուժերու օրակարգին վրայ նման հարց չի քննարկուիր:
«Դաշնակցութիւնն օրինապաշտ կուսակցութիւն է եւ այն, ինչ ամրագրուած է Սահմանադրութեամբ, այն, ինչ ժողովուրդը հանրաքուէով է արտայայտել՝ ցոյց տալով անկախ պետութիւն ունենալու իր կամքը, դրան էլ կողմ ենք: Առայսօր մեր դիրքորոշումը չի փոխուել», նշեց Վահրամ Բալայեան:
Ստեղծուած իրավիճակին մէջ հասարակութեան տարբեր շերտերու մօտ՝ Ռուսիոյ միանալու հանրաքուէին շուրջ խօսակցութիւնները Բալայեան գոյաբանական առումով բոլորովին անհեթեթ չի նկատեր՝ յատկապէս, եթէ նկատի առնուի Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ Արցախէն ձեռքերը լուալու ակնյայտ փաստը:
Ան դիտել տուաւ, որ պատերազմէն ետք ապահովութեան համակարգը վտանգուեցաւ, եւ եթէ Հայաստան նախապէս հանդէս կու գար իբրեւ Արցախի ապահովութեան երաշխաւոր, այսօր, դժբախտաբար, այդպէս չէ: «Ստեղծուած վիճակում ահագին տարածքներ կորցրած, փոքրաթիւ ազգաբնակչութեամբ վիրաւոր Արցախը գոյաբանական պայքարի մէջ է», նշեց Բալայեան:
Այդուհանդերձ, ան յայտնեց, թէ համոզուած է, որ համախմբելու, համայն հայութեան ջանքերը մէկտեղելու պարագային, պիտի կարենանք Արցախի անվտանգութեան հարցը մենք լուծել, եւ չհասնի այն ճգնաժամային պահը, երբ մեր 30 տարուան պայքարը զերօ դառնայ:
«Ուժերի մէկտեղում պէտք է արուի, որպէսզի ինչպէս 90ականերին՝ թէկուզ սակաւ ռեսուրսներով (միջոցներով), բայց կարողացանք մեր խնդիրները մեր ուժերով լուծել, այս անգամ էլ յաջողենք: Մեր ազգային խնդիրներն այն ժամանակ կարողացանք լուծել հէնց մեր միակամութեամբ: Ինչ էլ անենք, պէտք է միասին որոշենք ու անենք: Եթէ ամէն մէկն իր անձնական դիրքորոշումն առաջ տանի, լաւ հանգրուանի չենք հասնի», շեշտեց Բաբայեան:
Ըստ անոր՝ ստեղծուած աշխարհաքաղաքական իրավիճակին մէջ մեր համախմբուածութիւնը նաեւ մեր դաշնակիցներուն համար շահեկան է: Բեւեռացած աշխարհի մէջ ունենալ ուժեղ դաշնակից, ըստ անոր, երկուստեք ձեռնտու է, կարեւորագոյնը՝ մեզ կը յարգեն իբրեւ ազգ եւ պետութիւն:
Ան համոզուած է, որ համազգային շահը յառաջ տանելու եւ ապահովութեան հարցերը լուծելու հարցով մտահոգ եւ հետաքրքրուած պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր հայ: Դատելով 5 Ապրիլի հանրահաւաքին ներկայ եղած մարդոց թիւէն՝ Բալայեան ցաւով յայտնեց, որ հասարակութեան մեծ մասին մօտ ազգային շահի գերակայութեան գիտակցութիւն չկայ տակաւին: