ԹԵԼ ԱՒԻՒ․- Իսրայէլեան «Իզրայէլ Տիֆենս» կայքը հաղորդեց, որ Իսրայէլ եւ Թուրքիա գաղտնաբար քննարկած են ռուսական ուժանիւթի մատակարարման այլընտրանք եղող կազատար մը մէջտեղ բերելու կարելիութիւնը:
«Ծրագիրին շուրջ բանակցութիւնները բարդ են եւ կրնան երկարատեւ ըլլալ», կը նշէ կայքը` աւելցնելով. «Հարցը կը վերաբերի Իրաքի քրտական շրջանի կազը իսրայէլեան օժանդակութեամբ Թուրքիա տեղափոխելուն»:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ծրագիրը Թուրքիայէն իսրայէլեան «Լեւիաթան» քարիւղի հանքավայր երկարող խողովակի մը տեղադրումն է. կազը այդ խողովակով պիտի փոխադրուի Թուրքիա եւ այդտեղէն հարաւային Եւրոպայի երկիրներ, «որոնք ռուսական կազին այլընտրանքներ կը փնտռեն»:
Թուրքիոյ կառավարութենէն պաշտօնատար մը յայտնեց, որ «հարցին շուրջ բանակցութիւնները Իսրայէլի նախագահ Իցհաք Հերցոկի Թուրքիա այցելութենէն ի վեր կը շարունակուին»` աւելցնելով. «Կը նախատեսուի քանի մը ամիսէն ծրագիրին շուրջ գործակցութեան եւ կազի փոխադրման ուղիին շուրջ գործնական որոշումներ որդեգրել»:
Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Քարեն Ալհարար իր կարգին յայտնեց. «Տակաւին կան բազմաթիւ հարցեր, զորս պէտք է քննել»:
Choosing Turkey & Azerbaijan as irrevocable allies 1921, Lenin could
not imagine, one day, for crude & gas supply, will be betrayed
politically & economically after *Sacrificing Armenia & its territories*,
granting FREELY to BOTH; CREATED Azerbaijan, by Russia, Could be
Dissolved one day if turning Arrogant, returning on first stage before
1918. If conditions allow Iran via Armenia – Georgia, (IF NOT INVADED)
will supply Eastern Europe , Israel & Turkey most of Western Europe..
Lebanon & Syria are in grave danger to be Occupied, divided, because
they have proven OFF SHORE gas reserves up to Alexandretta town…!!