Հովանաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի եւ առաջնորդութեամբ Վազգէն քհնյ. Մովսէսեանի, 19 Մարտին, առաջնորդարանի «Համբար Ընտանիք» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Reclaim-ի վեցերորդ տարեկան համաժողովը, որուն այս տարուան քննարկման նիւթն էր՝ «Հայ Քրիստոնեայ Ընտանիքը»։
Համաժողովին ներկայ էին առաւել քան ութսուն մասնակցողներ տարբեր տարիքային խումբերէ, սակայն, հիմնական լսարանը կը բաղկանար 20-35 տարեկան երիտասարդներէ։
Համաժողովը իր ձեւին եւ բովանդակութեան մէջ աննախադէպ էր, որովհետեւ իբրեւ քննարկման նիւթ՝ կ՛արծածուէին այսօրուան երիտասարդը առաւել յուզող հարցեր, ինչպէս՝ ամուսնական զոյգերու յարաբերութիւնը, ամուսնալուծութիւններու եւ մինակ ապրելու հարցը, սեռային դաստիարակութեան, ընտանեկան, կենցաղային եւ նմանօրինակ զանազան նիւթերու վերաբերեալ հարցեր, որոնք իսկապէս կարիքը ունին անկեղծ եւ բաց քննարկումներու։
Հանդիսավար Տիգրան սրկ․ Յարութիւնեանը համաժողովի հիւրերուն եւ մասնակցողներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք՝ աղօթքի եւ բացման խօսքի համար հրաւիրեց առաջնորդը։ Աղօթքէն ետք, սրբազանը փոխանցեց իր հայրական եւ քաջալերական խրատը՝ կարեւոր համարելով այսպիսի համաժողովները՝ մանաւանդ այս օրերուն, երբ հետզհետէ ականատես կ՛ըլլանք բարոյական եւ հոգեւոր արժէքներու աղճատման եւ գահավիժման:
Սրբազանը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց նաեւ Վազգէն քհնյ. Մովսէսեանին, որ տարիներէ ի վեր յանձնառու եղաւ կեանքի կոչելու այս առաքելութիւնը՝ աշխատելով նույնիսկ համաճարակի ծանր օրերուն։
Այնուհետեւ խօսք առաւ Վազգէն քհնյ․ Մովսէսեան, որ նախ անդրադարձաւ Reclaim-ի յառաջընթացին եւ աճին, ապա օրուան Աւետարանական հատուածին շուրջ խորհրդածութենէ ետք հրաւիրեց ներկաները, որ այս լաւագոյն առիթնըօգտագործեն՝ վերագտնելու եւ վերակերտելու համար իրենց կեանքը ու հաւատքը առ Աստուած։
Օրուան առաջին բանախօսն էր Հայկ Մատոյեան, որուն ներկայացման նիւթը «Սուրբ ամուսնութեան խորհուրդ»ն էր, ապա հերթաբար իրենց դասախօսութիւններով հանդէս եկան Քրիստըն Մորֆիլտ՝ «Ընտանիքը առողջ պահելու գործօնները անառողջ աշխարհի մէջ», Անի Շահինեան՝ «Ընտանիքը շքեղութիւն է» եւ դատաւոր Շերըն Գալեմքերեան՝ «Աշխատանք, բաժանում, ամուսնալուծութիւն եւ հաշտութիւն»:
Համաժողովի երկրորդ մասը յատկացուեցաւ քննարկումներու։
Համաժողովի վերջաւորութեան, առաջնորդ սրբազան հայրը իր բարեմաղթութիւնը եւ հիացումը յայտնեց ներկաներուն՝ ընդգծելով յատկապէս արծարծուած նիւթերուն յոյժ այժմէականութիւնը ու կարեւորութիւնը։
(Յապաւուած)
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ