
Շաբաթ, 26 Մարտին իր մահկանացուն կնքեց մօտաւորապէս չորս տասնամեակներ «Ասպարէզ»ի ընտանիքին մաս կազմած Շաքէ Աճէմեան, պայքարելէ ետք անողոք քացկեղին դէմ։
Ստորեւ կու տանք անոր հակիճ կենսագրականը.
Շաքէ Աճէմեան ծնած է 1948ին, Պէյրութ: Իր նախակրթութիւնը ստացած է Նոր Սիս թաղամասի Աքսոր Գասարճեան Ազգային վարժարանին մէջ, զոր աւարտելէ ետք երկրորդական ուսումը շարունակած է քրիստոնէական ուսուցման հիմնարկին մէջ (C.T.I.): Ուսման աւարտին ան քարտուղարական պաշտօն վարած է օտար ընկերութիւններու մէջ: 1979ին Շաքէն հաստատուած է Լոս Անճելըս եւ 7 տարի աշխատած UCLA համալսարանի քարտուղարութեան բաժանմունքին մէջ: 1986ին ան միացաւ «Ասպարէզ» օրաթերթին, ապա նաեւ «Հորիզոն» պատկերասփիւռի ծանուցումներու բաժինին:
Հետեւելով կանուխէն կորսնցուցած իր ողբացեալ մօր՝ Սիրարփի Աճէմեանի, (հիմնադիրներէն Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Արագած» մասնաճիւղին) օրինակին, Շաքէ Աճէմեան Լոս Անճելըս հաստատուելէ ետք, 1980ին անդամագրուած է ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղին, առաւել քան քառասուն տարիներ մասնակցելով զանազան յանձնախումբերու աշխատանքներուն: Ան ծառայած է նաեւ ՀՄԸՄի շարքերուն մէջ, ինչպէս նաեւ մաս կազմած է Համազգայինի «Անի» պարախումբին։
Շաքէին անմիջականութիւնը եւ նուիրուածութիւնը իր պատկանած միութիւններուն, «Ասպարէզ»ի ծրագիրներուն համար այդ միութիւններուն յաւելեալ բարեկամեցողութիւնը կ՛ապահովէր:
Շաքէին մահուան տխուր առիթով, «Ասպարէզ»ը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ անոր ընտանիքին:
Միշտ պիտի յիշենք անոր եռանդը, բարի սիրտը եւ անկեղծ ժպիտը: