Կիրակի, 16 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 6ին, տեղի ունեցաւ «Համազգային»ի Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 25ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթ-պարահանդէսը՝ «Օճախ» ճաշասրահին մէջ:
Ձեռնարկը կազմակերպած էր մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ կը վայելէր հովանաւորութիւնը Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի:
Երեկոյին «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան բոլոր անդամ-անդամուհիներուն կողքին ներկայ էր նաեւ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, որ կը ներկայացնէր առաջնորդը, շրջանի հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան, Հ.Յ.Դ. «Ռոստոմ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Շանթ Բարսեղեանը, ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Անի Կիրակոսեանը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Մասիս» մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուցիչ Յովիկ Պետեւեանը, «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի հիմնադիրներէն՝ Գուրգէն Գասապեանը եւ Մարտիկ Կապուտեանը, մասնաճիւղի նախկին վարչութիւններու ատենապետներն ու վարչական կազմերը եւ աւելի քան երեք հարիւր յիսուն հիւրեր, մշակութասէրներ, բարեկամներ ու համազգայնականներ:
Պատմական այս հանդիսութեան նուիրուած օրուան գրքոյկին մէջ ողջոյնի խօսքեր գրած էին առաջնորդ սրբազան հայրը, «Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Եդուարդ Մսըրլեանը, «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային եւ «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութիւնները:
Քառորդ դարու յատուկ յոբելենական այս հանդիսութեան պաշտօնական բաժնին, օրուան հանդիսավար Գէորգ Պետիկեան սրտանց ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Շուտով 80 տարեկան պիտի ըլլայ «Համազգային»ը, որուն նպատակը եղած է հայ դարաւոր մշակոյթի պահպանումն ու զարգացումը եւ անոր ճամբով հայ մարդուն մէջ ազգային արժէքներու հաստատ ամրապնդումը»: Ապա ան պարզեց «Համազգային»ի իրավիճակը եւ միաժամանակ ջատագովեց «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի անցնող քառորդ դարու ընթացքը, որ նուիրեալներու կամաւոր բանակով եւ իր անդամներուն սիրով վառ պահած էր մեր մշակութային աւանդները: Ան շեշտեց, թէ ժամանակն է, որ մեր աչքերը ուղղենք դէպի ապագան, հայ երգով, պարով, թատրոնով եւ արդիականացած ծրագրումներով խանդավառելու մեր երիտասարդութիւնը:
Պետիկեան շնորհաւորեց մասնաճիւղի բոլոր անդամները, յատկապէս հիմնադիրները, յանձին Գուրգէն Գասապեանի, հանգուցեալ Յարութիւն Աղուինեանի եւ Մարտիկ Կապուտեանի: Շնորհակալութեան եւ երախտագիտական խօսքեր ուղղեց ներկայ վարչութեան ատենապետուհի Մարալ Դարբինեանին եւ ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն, որոնք բծախնդրօրէն կատարած էին իրենց ուսերուն վրայ դրուած պարտականութիւնը եւ երեկոն վերածած պատմական եղելութեան:
Իր խօսքի աւարտին հանդիսավարը ըսաւ, թէ իր մաղթանքն է նաեւ, որ մշակոյթով հաւաքաբար ապրելու եւ մեր կեանքը անով հարստացնելու միտող «Համազգային»ի որդեգրած ուղիէն մասնաճիւղը տարուէ տարի առաւել երիտասարդօրէն յարատեւէ:
Ապա ան բեմ հրաւիրեց հայր Միւռոնը ու Ռազմիկ քահանայ հայրը, որպէսզի միասնաբար օրհնեն սեղանները, որմէ ետք Միւռոն վարդապետ փոխանցեց առաջնորդ սրբազանին օրհնութիւններն ու բարի մաղթանքները:
Յանուն «Համազագային»ի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան, ատենապետուհի Մարալ Դարբինեան իր խօսքին մէջ նախ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ աւելցուց. «Այս երեկոյ, գեղեցիկ այս տօնախմբութեան, երբեք նպատակ չունինք վերարժեւորելու իրարայաջորդ վարչութիւններու գործունէութիւններն ու վաստակը, այլ եկած ենք հրապարակային ձեւով վերահաստատելու հայ մշակոյթին ծառայելու մեր վճռակամութիւնը»:
Ան շեշտեց, թէ «Համազգային»ը ներկայիս կը դիմակալէ զանազան դժուարութիւններ, սակայն շնորհիւ մշակութասէրներու անսակարկ ներդրումներուն, կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել եւ երազները իրականութիւն դարձնել: «Այս օրերուն այդ երազներէն մէկն է բարգաւաճ դարձնել մասնաճիւղի «Նայիրի» պարախումբը, որ ղեկավարութեամբ պարուսոյցներ Քաթրին Հայրապետեանի եւ Արի Լիպարիտեանի ներկայիս կը վայելէ ամբողջ գաղութին յարգանքը, սէրն ու գնահատանքը», աւելցուց ատենապետուհին:
Ան յիշեց նաեւ, թէ այդ գեղեցիկ երազներէն մէկն է նաեւ վերակազմել շրջանի երիտասարդ ուժերով կազմուած երգչախումբն ու թատերախումբը, որոնց այնքան կարօտը ունի «Համազգային»ի ընտանիքը: «Ներկայիս մեր մեծագոյն ծրագիրն է,- շեշտեց Դարբինեան,- նման ձեռնարկներէ գոյացած նուիրատուութիւնները մէկտեղելով, մօտիկ ապագային «Համազգային»ի սեփական տուն մը ունենալու երազը:
Ապա շնորհակալութեան, շնորհաւորութեան եւ երախտագիտութեան խօսքեր ուղղեց անցնող 25 տարիներուն վաստակ ունեցող բոլոր հին ու նոր համազգայնականներուն, վարչական կազմերուն, կամաւորներուն եւ մշակութասէրներուն, որոնք բարգաւաճ դարձուցած էին մասնաճիւղը:
Մարալ Դարբինեան յատուկ շնորհակալութիւն յատնեց ազգային բարերարուհի Աշխէն Փիլաւճեանին, որ այս առթիւ տասը հազար տոլարով նեցուկ կը կանգնէր մասնաճիւղի երազներու իրականացման աշխատանքներուն:
Նոյնպէս երախտագիտական խօսքեր ուղղեց շրջանի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, «Ֆերահեան» ազգ. վարժարանի տնօրէնութեան եւ յարակից քոյր միութիւններուն, որոնք անցնող 25 տարիներուն մասնաճիւղի դէպի յաջողութիւն ճամբան հարթած էին:
«Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցեց Ռօժէ Խտրեան, որ նախ պարզեց Սփիւռքի տարածքին մեր ժողովուրդի ամէնօրեայ մաշումի սպառնալիքները եւ այս բոլորին մէջ դրուատեց «Համազգային»ի մեծ ընտանիքի՝ հայ լեզուն ու մշակոյթը պահպանելու եւ բարգաւաճ դարձնելու աշխատանքներըը: ««Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղը,- շարունակեց Խտրեան,- իբրեւ հայ մշակույթի արթուն պահակներէն մէկը, միշտ հաւատարիմ մնալով իր հիմնադիրներու ոգիին, քալեց հաստատ ամբողջ քառորդ դար, նուիրեալներու իր խումբերով, գրական եւ գեղարուեստական ձեռնարկներով ապրեցնելով ու պահելով մշակութային մեր բոլոր աւանդները»:
Իր խօսքի աւարտին, շնորհաւորական իր խօսքերու կողքին Խտրեան մաղթեց, որ մասնաճիւղը իր առաքելութիւնը շարունակէ՝ խանդավառելով եւ ներգրաւելով շրջանի մշակութասէր հայութիւնը ու յատկապէս մեր նոր սերունդը ու հայ մշակութային ժառանգութիւնը արդի միջոցներով տարածելու սրբազան աշխատանքը:
Լենա Այվազեան ընթերցեց մասնաճիւղի 25ամեակին առթիւ Քալիֆորնիոյ կառավարիչ Առնոլտ Շուարցնեկըրի գնահատանքի յուշագիրը, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ այս առթիւ պատրաստուած անցնող քսանհինգ տարիներու ընթացքին իրարայաջորդ վարչութիւններու աշխատանքներէն վերցուած նկարներու DVD-ն:
Ապա աւանդութիւն դարձած գեղեցիկ սովորութեան համաձայն, երեկոն ունեցաւ նաեւ մոմավառութեան իր բաժինը: Այսպէս, յիշատակելի մոմերը վառելու համար յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան ՀՕՄի «Անահիտ», Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Մասիս» մասնաճիւղերու վարչական ներկայացուցիչները, Ստեփան եւ Նորա Պայրամեան, Վիգէն եւ Ռուբինա Կիւլէսէրեան, Անդրանիկ եւ Ուլրիքա Աղուինեան, Շանթ եւ Լիզա Բարսեղեան, Պետրոս եւ Յասմիկ Ասատուրեան, Յակոբ եւ Մարալ Վարժապետեան, Լեւոն եւ Մարի Արապեան, Ազիզ եւ Սօնա Կիւլէսէրեան, Փօլ եւ Քլարա Սիբիլեան, Ազատ եւ Նուարդ Սիբիլեան, Նիկոլ եւ Լին Մանուկեան, Մարտիկ եւ Լիզա Կապուտեան, Վիգէն եւ Սօնա Մարտիրոսեան, Արա եւ Քաթրին Հայրապետեան, Արմէն եւ Անի Ագեան, Պետրոս եւ Ատրինէ Փոստոյեան, Յարութ եւ Օժէն Բրուտեան, Թորոս Քէչէճեան, Աշխէն Փափազեան, Արի Լիպարիտեան ու Սիլվա Անտոնեան եւ մասնաճիւղի «Նայիրի» պարախումբի Class A եւ Class C կարգերու աշակերտներու ներկայացուցիչները:
Սրահը երկար եւ ջերմ ծափողջոյններով ընդունեց մասնաճիւղի «Նայիրի» պարախումբի անդամներուն հայկական չորս յաջորդական պարերու ելոյթը՝ ղեկավարութեամբ վաստակաշատ պարուսոյցներ Քաթրին Հայրապետեանի եւ Արի Լիպարիտեանի:
Ձեռնարկի պաշտօնական բաժնի աւարտին, առ ի գանհատանք եւ երախտագիտութիւն, վարչութիւնը նախ հրապարակաւ մէկական յուշանուէրներ յանձնեց մասնաճիւղի 3 հիմնադիր անդամներուն՝ Գուրգէն Գասապեանին, Մարտիկ Կապուտեանին եւ յետ մահու՝ Յարութիւն Աղուինեանին: Առաջին երկուքին յուշանուէրները յանձնուեցան վարչութեան ատենապետուհի Մարալ Դարբինեանի ձեռքով, իսկ վերջինը՝ «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Շէրիքեանի ձեռքով յանձնուեցաւ հանգուցեալ Յ. Աղուինեանի աղջկան՝ Մարալ Դարբինեանին:
Ապա ատենապետուհի Դարբինեան յատուկ յուշանուէրներ յանձնեց անցնող 25 տարիներու վարչական կազմերու ատենապետներուն.- Մարտիկ Կապուտեան, Սեդա Գոբուշեան, Պետրոս Փոստոյեան, Վանուհի Մարդոյեան, Գառնիկ Գազանճեան, Ստեփան Պայրամեան, Աշխէն Փափազեան, Արաքսի Գազանճեան եւ Մարալ Դարբինեան:
Երեկոն խանդավառեց համազգայնական սիրուած երգիչ Ճորճ Պաղտոյեան:
Տեղի ունեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, որոնց համար վարչութիւնը շնորհակալութեան յատուկ խօսքեր փոխանցեց:
Ստորեւ նուիրատուներու ցանկը.-
Տիկին Աշխէն Փիլաւճեան $10,000
Տիար Գօգօ Թոփալեան $1000
Տիար Արի Լիպարեան $1000
Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեան $1000
Յակոբ եւ Մարալ Դարբինեան $1000
Անդրանիկ եւ Ուլրիքա Աղուինեան $500
Տիար Գօգօ Աւագեան $500
Խաչիկ եւ Մարիամ Երէցեան $500
Սարգիս եւ Մարէն Գարալեան $300
Վաչէ եւ Սիւզի Տօնոյեան $250
Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Մասիս» մասնաճիւղ $250
Հայկ եւ Սեդա Գոբուշեան $200
Վարդան եւ Լուսին Մինասեան $250
Տիկին Մատլէն Սարգիսեան $200
Տիկին Վիքի Մանուկեան $100
Կրէկ եւ Հիլտա Սարգիսեան $100
Գուրգէն եւ Սօնիա Գասապեան $100
Խաչիկ եւ Արփի Թիթիզեան $100
Թորոս եւ Փօլին Քէչէճեան $100
Տիար Գօգօ Դարբինեան $100
Էնսինոյի Տարեցներու Միութիւն $100
Թղթակցութիւնը՝ Մասնաճիւղի Վարչութենէն