ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- 24 Մարտին, Հայաստանի արտաքին գործող նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Վրաստանի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Զալքալիանիի հետ: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Զրուցակիցները քննարկեցին հայ-վրացական յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման, բարձրաստիճան պաշտօնեաներու փոխայցելութիւններուն միջոցով քաղաքական երկխօսութեան ամրապնդման վերաբերող հարցեր:
Միրզոյեան վրացի իր պաշտօնակիցին ներկայացուց Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան նկատմամբ հոգեբանական ճնշումներ գործադրելու, խիստ ցուրտին կենսական նշանակութեան ենթակառուցուածքներու բնականոն աշխատանքը խոչընդոտելու գործողութիւնները, որոնց պատճառով այսօր Արցախ կանգնած է մարդկային ճգնաժամի շեմին:
Միրզոյեանն անդրադարձաւ հայկական կողմի դիրքորոշման՝ խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու սկսելուն եւ այդ պարունակին մէջ ընդգծելով ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան միջնորդական դերը:
Միտքեր փոխանակուեցան նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային ապահովութեան վերաբերող հարցերու շուրջ: