
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 24 Մարտին, Ստեփանակերտի «Արեւիկ» մանկական բժշկական կեդրոնին մօտ տեղի ունեցաւ խաղաղ հաւաք մը, որուն մասնակցեցան կիներ եւ մանուկներ: Ձիւնի եւ ցուրտի պայմաններուն մէջ, հիւանդանոցին մօտ հաւաքուած կիները իրենց բողոքի ձայնը ուղղեցին Ատրպէյճանի կողմէ կազի մատակարարման դադրեցման եւ բնակչութեան ահաբեկման փորձերուն:
Ելոյթ ունեցողներէն Ալեոնա Սարգսեան յիշեցուց, որ 1920ի ճիշդ այս օրերուն, Ատրպէյճան Շուշիի մէջ հայերու ջարդեր կազմակերպեց: Ըստ անոր՝ այսօր Ատրպէյճանի հայատեաց իշխանութիւնները նոյն ձեւով կը փորձեն ցեղասպանութեան նոր ծրագիր իրագործել: «Սա սոսկ մարդկային աղէտ չէ: Եթէ այսօր չմիաւորուենք, համերաշութիւն չցուցաբերենք, մենք չենք կարող մեր պահանջները ի լուր աշխարհի ասել: 44օրեայ պատերազմի հետեւանքով կորցրել եմ ամէն ինչ, նոյնիսկ հօրս գերեզմանին այցելելու պատիւը: Այսօր ապրում եմ Արցախում եւ ապրելու եմ մինչեւ վերջ, որովհետեւ Արցախն իմ տունն է», շեշտեց Սարգսեան:

Էլլադա Ղահրամանեան ցաւով արձանագրեց, որ բացի քանի մը կոչերէն, յորդորներէն, միջազգային կառոյցներուն կողմէ ոչ մէկ արձագանգ կը ստանայ Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը: «Մեր հաւաքի ամենակարեւոր նպատակը մեր ձայնը արար աշխարհին լսելի դարձնել է, որովհետեւ Ադրբեջանն ի լուր աշխարհի յայտարարել է, որ այս հումանիտար աղէտն իր ձեռագիրն է: Ադրբեջանն օգտուելու է առիթից եւ ակնկալւում է, որ նոր քայլերի է դիմելու: Որեւէ արցախցի չի ցանկանում լքել իր հողը, իր տունը: Ադրբեջանը պէտք է հասկանայ՝ արցախցին ապրել եւ ապրելու է Արցախում, Արցախը Ադրբեջան չէ, երբեք չի լինելու: Մենք ապրելու, գոյատեւելու եւ պայքարելու ենք մեր իրաւունքների համար: Մեր երեխաներն արժանի են ապրելու անվտանգ Արցախում», ըսաւ ան:
Ըստ Քրիստին Բալայեանի՝ միասնութիւնը մեր ապագայի խորհրդանիշն է։ «Մանկական հիւանդանոցի մօտ հաւաքուելով՝ նպատակ ունենք ամբողջ աշխարհին ցոյց տալու, որ այնտեղ բուժուող երեխաներին մենք մեր սրտի ջերմութեամբ կը տաքացնենք մինչեւ միջազգային հանրութեան անտարբերութիւնը կը վերածուի ըմբռնման: Այստեղ գտնուող իւրաքանչիւրի ցանկութիւնն է իր երեխաներին մեծացնել սեփական տանը խաղաղ երկնքի տակ: Մենք գնալու տեղ չունենք, որովհետեւ Արցախն է մեր տունը»:
Հաւաքի աւարտին, բոլոր մասնակցողները ձեռք ձեռքի տուին՝ իբրեւ նշան միասնութեան եւ պայքարի:

