ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թրքական ոստիկանութիւնը Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20ին ձերբակալեց 29 ձախակողմեաններ, որոնք կը բողոքէին երկրին մէջ բանտարկեալներու դէմ վատ վերաբերումին դէմ։ «Թայատ»ի (բանտարկեալներու ընտանիքներուն հետ զօրակցութեան միութիւն) անդամները առաւօտ ներխուժած էին «Էյ.Փի.» լրատու գործակալութեան Անգարայի գրասենեակէն ներս, կղպած էին անոր դուռը եւ պահանջած, որ պատկերասփիւռի կայաններէն ելոյթ ունենան՝ հանրութեան ուշադրութեան յանձնելու այս հարցը։
Սակայն այդպիսի առիթ չտրուեցաւ անոնց։ Դուռը խորտակելէ ետք, ոստիկանութեան յատուկ ջոկատները արցունքաբեր ռումբեր նետեցին ներս ու ձերբակալեցին ցուցարարները։
«Թայատ» յաճախ ցոյցեր կը կազմակերպէ՝ բողոքելու համար բանտային չարչարանքներուն եւ անմարդկային պայմաններուն դէմ։
Նկարին մէջ, ցուցարարները պաստառ մը կը պարզեն «Էյ.Փի.»ի գրասենեակէն: