Երեւանի «Հայկական ժամանակ» թերթի հրապարակումներուն հետեւելով ակամայ կը յիշես «արջը եօթ երգ ունի, եօթն ալ տանձի մասին է» ասացուածքը։ Ա՛յս արջին երազած տանձն ալ ՀՀ նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանն է, որուն քաղաքանութիւն վերադարձին մեծ կարօտով կը սպասէ «Հայկական ժամանակ»ը, որ իր կարօտը կը վերարտայայտէ Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 8ի թիւին մէջ լոյս տեսած՝ «Սպասենք եւ յուսանք» թախծոտ խորագրին մէջ, որուն համաձայն թերթի աղբիւրները կը յայտնեն, թէ Սեպտեմբեր 21ին կայանալիք առանձին ընդունելութենէ մը ետք պիտի յայտարարուի աջ-ազատական ուժերու շարժումի մը կազմութեան մասին։
Նոյն երգի տարբեր համարներէն է «Հայդատականների հերթական «բարոյական յաղթանակը»» յօդուածը, որ լոյս տեսած է Սեպտեմբեր 12ի թիւին մէջ։ Հակառակ որ յօդուածագիրը կը փորձէ իր իմաստութիւնը եւ «հայդատականների տխմարութիւնը» բացայայտել, բայց Հայաստանէն եկած յօդուածը Ամերիկայի մէջ կարդալէն ետք յստակ ձեւով կը պատկերացնես յօդուածի հեղինակ ոմն Արմէն Գրիգորեանի ու ՀՀՇաբոյր «Հայկական ժամանակ»ի տխմարութիւնը, ուր բացարձակապէս գոյութիւն չունի ամերիկեան քաղաքական ներքին կառուցուածքին մասին նուազագոյն տեղեկութիւնը։ Հայաստանի մօտ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնազրկման, նոր դեսպանի նշանակման եւ այդ բոլորին ԱՄՆ-Հայաստան յարաբերութիւններուն վրայ ունենալիք ազդեցութեան շուրջ թերթին կատարած «վերլուծում»ին ամբողջութիւնը նոյնիսկ կէս միլիմեթր խորութիւն չունի եւ շատ կը նմանի տիեզերագնացութեան մասին գինեգործի մը տուած խորհուրդներու։
Յօդուածին տողատակերը կարդալով ամէն ինչ պարզ կը դառնայ, կրկին յառաջ կու գայ նո՛յն տանձին պատկերը եւ յստակօրէն կ՚երեւի ՀՀՇական իշխանատենչ ու հակազգային գիծը։
1.- Յօդուածագիրին երբեք չի հետաքրքրեր ազգային հարցերուն նկատմամբ որեւէ հայանպաստ կեցուածք, այնքան ատեն, որ այն չի ծառայեր Հայաստանի վարկաբեկման, Հայաստանի իշխանափոխութեան եւ Հայաստանին տրուած օժանդակութիւններու կասեցման։ Փաստօրէն, թերթը Ճան Էւընզի կեցուածքները կը նկատէ ոչ թէ հայանպաստ, այլ «հայաստանեան վարչախմբին մատուցած ծառայութիւններ»։ Եւ քանի որ ԱՄՆ պետական քարտուղարութիւնը դժգոհ է իր դեսպանի կողմէ «մատուցուած ծառայութիւններ»էն, ուստի գուցէ հեղինակը աւելցնէր, որ եթէ Էւընզը չըլլար՝ ապա այսօր «հայաստանեան վարչախումբ»ը հեռացած կ՚ըլլար իշխանութենէն եւ այնտեղ կացութեան տէր դարձած պիտի ըլլային աջ-ազատականները ու Հայաստան վերադարձած կ՚ըլլար 90ականներու սկիզբի երանելի օրերուն։
2.- Հեղինակը շատ դժգոհ է եւ խիստ սխալ ու անկայուն կը նկատէ «հայդատականների» լոպպիին ուղղութիւնը, երբ ընտրութիւններուն ժամանակ որեւէ կարեւորութիւն չի տար հարկերու բարձրացման, տնտեսութեան ազատականացման եւ սոցիալական ծրագիրներու ֆինանսաւորման։ Արդեօ՞ք յօդուածագիրին համար հասկնալի չէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, Հայաստանի շրջափակման վերացումը, Հայաստանի Հանրապետութեան ու Լեռնային Ղարաբաղի օժանդակութիւն պահանջելուն մեկնակէտը։ Յօդուածագրին կարծիքով այդ բոլորը կ՚իյնան «հայդատականների կորպորատիւ շահերի» ծիրին մէջ։
3.- Վերջապէս, յօդուածագիրը չի յաջողիր ՀՀՇակերպ իր ականջները պահել ու թաքնուիլ սրտցաւ ընդդիմախօսի պատռտուած վարագոյրի ետին, երբ կը պնդէ, թէ «հայդատականները» միշտ պատրաստ են «իրական արժէքներն ու շահերը» զոհաբերել «յանուն կեղծ «ազգային» խնդրի լուծման»։ Բառացիօրէն թարգմանելով յօդուածագիրին մտայնութիւնը կարելի է հասկնալ, որ անոր համար «իրական արժէքները» Հայաստանի իշխանափոխութիւնն է, իսկ Ցեղասպանութեան ճանաչման, Հայաստանի ու Արցախի օժանդակութեան հարցերը «կեղծ ազգային» խնդիրներ են։
Կը մնայ եզրափակել եւ իմաց տալ, թէ Սփիւռքի մէջ ընդդիմախօս շատ մը հրապարակումներ կը կարդացուին, անոնցմէ ոմանց հետ համաձայն չըլլալով հանդերձ յարգանքով կ՚ընկալուին, շատեր համոզիչ կ՚ըլլան ու մեծ յարգանքով ալ կ՚երկրորդուին, բայց այս բոլորը կապուած է արծարծուած հարցին շուրջ հեղինակի գիտակ ըլլալուն հետ։ Հետեւաբար, լաւ կ՚ըլլայ, որեւէ տխմարութիւն դուրս տալէ առաջ տիրապետել խնդրոյ առարկայ նիւթի մանրամասնութիւններուն։ Իսկ, առանց նիւթին տիրապետելու տանձի մասին երգ երգողներն ալ թող գիտնան, թէ «հայդատականներ»ը պիտի շարունակեն իրենց «տխմարութիւններ»ը եւ իրենց համար իրական արժէքները պիտի շարունակեն մնալ ազգային խնդիրները։