ԷՉՄԻԱԾԻՆ, Մայր Աթոռի Մամլոյ Դիւան.- Սեպտեմբեր 23ին, Էջմիածինի մէջ, Գարեգին Բ. կաթողիկոսի կողմէ Հայ եկեղեցւոյ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» բարձրագոյն շքանշանով պարգեւատրուեցան թեհրանաբնակ բարերարներ Լեւոն եւ Պէլլա Ահարոնեանները «բարեսիրական բազմամեայ արդիւնաշատ ծառայութիւններուն համար»:
Այս առնչութեամբ հրատարակուած վեհափառի կոնդակին մէջ ըսուած է. «Առ Աստուած հաւատով եւ առ հարազատ ժողովուրդը որդիական սիրով Դուք տարիներ շարունակ բարի աւանդ էք բերում մեր Հայրենիքի բարգաւաճմանը, մասնաւորաբար՝ մեր երկրում կրթական գործի արդիւնաւորմանը:
Առանձնակի գոհունակութեամբ Մեր բարձր գնահատանքն ենք բերում Ձեզ նաեւ հանդէպ Առաքելական մեր Սուրբ եկեղեցին եւ համայն մեր ժողովրդի հոգեւոր սրբազան կեդրոն Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածինը դրսեւորած որդիական սիրոյ ու նուիրումի համար: Արդարեւ, արժանի զաւակն էք իրանահայ աւանդաշատ գաղութի, որ բազմադարեայ իր պատմութեան ընթացքին մշտապէս գործերով է վկայել իր սէրն ու անխախտ հաւատարմութիւնը՝ հանդէպ հայրենի մեր երկիրը, մեր Սուրբ եկեղեցին եւ լուսոյ խորան Սուրբ Էջմիածինը»:
«Մեր ազգի գոյատեւումը երեք բանի հետ կապուած է. մեր կրօնը, մեր մշակոյթը եւ մեր լեզուն: Իմ հասկացողութեամբ ամէն հայ պէտք է աջակցի, որ այս երեք սիւները ուժեղ եւ կայուն ըլլան», իրեն նման բարձր պատուի արժանացնելու համար երախտագիտութիւն յայտնելով յայտարարեց բարերարը: