ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան ղեկավար Սէմիր Ժաաժաա Կիրակի, Սեպտեմբեր 24ին ներկայ գտնուեցաւ կուսակցութեան զոհրուն յիշատակին մատուցուած պատարագին, որ տեղի ունեցաւ Հարիսայի մէջ։
Պատարագին ներկայ գտնուեցան նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի ներկայացուցիչները, մեծ թիւով նախարարներ եւ երեսփոխաններ եւ Հ.Յ.Դաշնակցութենէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին նախկին նախարար Սեպուհ Յովնանեան եւ Մելիք Գարագաւորեան:
Պատարագէն ետք, Ժաաժա խստօրէն քննադատեց «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի անցեալ Ուրբաթ օրուան ելոյթին ընթացքին փոխանցած պատգամը, առանց անուանելու զայն։
Ան կոչ ուղղեց խաղաղ եւ ժողովրդավար դիմադրութիւն որդեգրելու եւ փոխան փամփուշտի բառերով եւ խօսքով պայքարելու, որովհետեւ լիբանանցի ժողովուրդը չի փափաքիր պատերազմի մէջ ապրիլ։
Ան նաեւ «Հըզպալլա»ն ամբաստանեց պետութեան մէջ այլ պետութիւն մը ստեղծած ըլլալու յանցանքով, որու հետեւանքով Լիբանանի կառավարութիւնը տկարացած է:
Ժաաժաա շեշտեց, որ դիմադրութեան զէնքին հարցը լուծելէն ետք է միայն, որ կարելի կ՚ըլլայ հզօր պետութեան կերտումը։ Ան աւելցուց, որ զէնքին կառչած մնալու գրաւը սխալ գրաւ է։
Սակայն, Նասրալլա խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի հետ տեսակցութենէն ետք դարձեալ յայտարարեց, թէ «Հըզպալլա» եւ «Ամալ» շարժումը անհրաժեշտ կը նկատեն պահպանել դիմադրութեան զէնքն ու զինամթերքը, մինչեւ բռնագրաւեալ հողերուն ազատագրումը եւ իսրայէլեան բանտերէն լիբանանցի բանտարկեալներուն ազատ արձակումը։