
Իրանի խորհրդարանին մէջ իրանահայութեան պատգամաւորներ Արա Շահվերդեան եւ Ռոպերթ Բեգլարեան նամակ յղեցին Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանին՝ կոչ ընելով, որ համապատասխան քայլերու ձեռնարկուի Արցախի մէջ մարդկայնական աղէտի դադրեցման ուղղութեամբ։
Ստորեւ՝ նշեալ նամակը․
«Մեծարգոյ պարո՛ն նախարար,
«Ինչպէս արդէն տեղեակ էք, ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմը դադրեցաւ Նոյեմբեր 9ի եռակողմ յայտարարութեամբ, սակայն ատրպէյճանական կողմը տարբեր միջոցներով կը շարունակէ հոգեբանական ճնշում բանեցնել հայ բնակչութեան դէմ՝ նպատակ ունենալով հայաթափել եւ ցեղային զտման ենթարկել Արցախը իր բնիկ հայերէն, նոյն ժամանակ նոր հնարաւորութիւններ կորզելու համար՝ Հայաստանի իշխանութիւններէն եւ դրացիներէն: Նաեւ՝ ռազմական աշխուժութեան ցուցաբերում, խաղաղ բնակավայրերու ուղղութեամբ կրակոցներ, նիւթական եւ բարոյական բնոյթի վնասներ, մշակութային ժառանգութեան, եւ տեղական ինքնութեան ոչնչացման միտուած քայլերու միջոցով, ինչպէս նաեւ գերիներու հարցի շահարկման, եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու դէմ իրականացուող գործողութիւններով։
«Ատրպէյճանական կողմը նաեւ վերջին շաբթուան ընթացքին դիմած է նոր սադրանքներու՝ հայկական բնակավայրերու կազատարի կասկածեալ «խափանումներու» վերականգնման գործընթացը խոչընդոտելով, զուգահեռաբար, պարբերաբար կ՛անջատուի ելեկտրականութիւնը, որոնք աւելիով կը խորացնեն մարդկայնական ծանր իրավիճակը եւ նոր ճգնաժամի բռնկման վտանգը։
«Ազրպէյճան նաեւ սադրանքներու դիմած է սահմանային գիծի վրայ բարձրախօսներ տեղադրելով եւ բնակչութեան գիւղերէն հեռանալու կոչերով, որոնք կ՛ազդարարեն անոնց կողմէ նոր հոգեբանական պատերազմի մեկնարկը։
«Արդեօք այդ գործողութիւնները կարելի՞ է համարել բարի դարացիութեան քարոզ՝ մահմետականներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ, կրնա՞ն արդեօք ապահովել ապահովութիւնը եւ խաղաղութիւնը տարածաշրջանին մէջ:
«Եւ այսպիսով, հիմք ընդունելով, Իսլամական յեղափոխութեան առաջնորդին՝ Ղարաբաղի հայերու անվտանգութեան ապահովման վերաբերեալ՝ 13 աբանի (4 Նոյեմբեր) ելոյթը, կոչ կ՛ընենք հետեւելու սահմանադրութեան դրոյթին՝ մարդկային հարցերու կարգաւորման ուղղութեամբ, եւ մեր երկրի արտաքին քաղաքականութեան կարմիր գիծերուն, մասնաւորապէս՝ դրացիներու վերաբերեալ, ճգնաժամերու հանգուցալուծման հանրային շահի ապահովման եւ ապահովութեան համար Ղարաբաղի բնակչութեան, որոնք կը գտնուին բարոյական եւ նիւթական դաժան բռնաճնշումներու տակ»։