ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ»․- Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` 2022ը «Սփիւռքի տարի» հռչակելուն առիթով, Հինգշաբթի, 17 Մարտին տեղի ունեցաւ առաջին առցանց խորհրդակցութիւն-քննարկումը:
Առցանց նիստին նախագահեց Արամ Ա. կաթողիկոսը: Մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներէն` Խաչիկ Թէօլէլեան, Երուանդ Զօրեան, Հայկ Օշական, Սալբի Ղազարեան, Ֆրանսայէն` Յովէլ Շնորհօքեան, Տիգրան Եկաւեան, Անգլիայէն` Հրաչ Գույումճեան, Լիբանանէն` Սեդա Խտըշեան, Շահան Գանտահարեան եւ Խաչիկ Տէտէեան: Կամքէ անկախ պատճառներով նիստին չկրցան մասնակցիլ հարաւային Ամերիկայէն` Խաչիկ Տէր Ղուկասեան եւ Անգլիայէն՝ Հրաչ Չիլինկիրեան:
Վեհափառ հայրապետը պարզաբանեց «Սփիւռքի տարի» հռչակելու շարժառիթները. ընդգծեց դասական, նոր ձեւաւորուող եւ յարափոփոխ սփիւռքեան միջավայրերու իրավիճակներուն իւրայատկութիւնները, տարբեր բնագաւառներու մէջ գործող աւանդական կառոյցներու դիմագրաւած դժուարութիւնները: Այս բոլորին մէջ յատկապէս շեշտեց ինքնութեան վերաբերող հիմնահարցերը եւ յատկապէս Սփիւռքի մէջ ապրող երիտասարդութեան համապատկերը:
Վեհափառ հայրապետի նախաբանին յաջորդեց իւրաքանչիւր մասնակիցի կողմէ ներկայացուած խորհրդածութիւնները:
Ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուեցան`
ա) Համեմատական սփիւռքագիտութեան օգտագործումը:
բ) Ինքնութեան խնդիրներու քննարկման տարբեր միջոցներու որդեգրումը:
գ) Անտեսանելի (մեր կառոյցներէն հեռու) Սփիւռքին հասանելիութեան ձեւերու որոնումը:
դ) Սփիւռքեան հարցերու ոլորտային մասնագիտական քննարկումներու ձեւաչափերուն ճշդումը:
ե) Ըստ միջավայրի եւ իւրայատկութիւններու նկատառումներով ներգրաւման տարբեր ռազմավարութիւններու մշակումը:
զ) Ցանցային դրուածքի լիարժէք օգտագործման կարելիութիւններու ուսումնասիրութիւնը:
է) Ելեկտրոնային, համացանցային տարածքներու վրայ համախմբումներու յառաջացումը:
ը) Սփիւռքի մարդուժի եւ կարողականութեան ցանկագրումի եւ հաւաքագրումի աշխատանքին ձեռնարկելը:
թ) Երիտասարդութեան ուղղութեամբ թիրախային ծրագիրներ մշակելը:
ժ) Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման համար նոր հայեցակարգերու պատրաստութիւնը:
Լուսարձակի տակ բերուեցաւ երիտասարդութեան դերը եւ այդ ուղղութեամբ որոշուեցաւ երիտասարդութեան հետ յատուկ աշխատանք տանիլ` նկատի ունենալով անոր առանցքային դերը Սփիւռքի վերակազմակերպման գործընթացքին մէջ:
Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ նոր աշխարհագրութիւն նուաճող եւ նոր տարածականութիւն ձեւաւորող Սփիւռքի վերաիմաստաւորման, վերաշխուժացման եւ վերակենսունակացման հրամայականին ընդառաջ աշխատիլը հայաստանանպատակ շարժառիթ եւ մղում պիտի ունենայ:
Արամ Ա. կաթողիկոսը նշեց նաեւ, որ պիտի շարունակուին նման խորհրդակցական նիստեր, որոնց ընթացքին արծարծուած մտածումները եւ եզրայանգումները պիտի նպաստեն «Սփիւռքի տարի»ն արդիւնաւէտ եւ գործնական միջոցներով յատկանշելու նպատակի իրականացման: