Ի վերջոյ Թուրքիոյ Ազգային ժողովը 5 Սեպտեմբերին 550ի վրայ 340 ձայնով թոյլ տուաւ թրքական ուժերուն մասնակցութիւնը Լիբանանի մէջ ՄԱԿի ՖԻՆԻՒԼի խաղաղարար առաքելութեան։ Քուէարկութենէն անմիջապէս յետոյ Անգարա յայտարարեց, թէ պիտի մասնակցի ՖԻՆԻՒԼին, վարչապետ Էրտողանի խօսքերով՝ «ստանձնելու համար իր պատմական ու մարդասիրական պատասխանատուութիւնները» Միջին Արեւելքի մէջ «յարատեւող խաղաղութիւն հաստատելու պայմաններու ստեղծման» ուղղութեամբ։ Վարչապետը այս յայտարարութիւնը կատարեց ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Աննանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, քուէարկութեան յաջորդ օրն իսկ։
Թրքական ուժերու մասնակցութեան բանավէճին ու քաղաքական հոլովոյթին հետեւած դէտերուն համար Աննանի այցելութիւնը Թուրքիա, եւ մասնաւորաբար տուած հաւաստիքը, որ խաղաղարար առաքելութեան նպատակը «Հըզպալլա»ի ապազինումը չէ, հիմնական ազդակ եղած են քուէարկութեան այս ընթացքի համար։ Օրէնսդիր ժողովին մէջ մեծամասնութիւն են իշխանութեան գլուխ գտնուող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան պատգամաւորները, որոնք դէմ են իսլամական այլ կազմակերպութեան մը հետ նուազագոյն բախումի հեռանկարին, նոյնիսկ եթէ այդ կազմակերպութիւնը «Հըզպալլա»ն է։
Հետաքրքրականը, ըստ Ժընեւի «Լը Թան» թերթի տեղեկատուութեան, թրքական հանրային կարծիքին զօրաւոր ընդդիմութիւնն է Լիբանան զօրք ուղարկելու հեռանկարին՝ 70-80 տոկոս։ Յուլիսի պատերազմի ընթացքին, թրքական հանրային կարծիքը զօրաւոր համակրանք ցոյց կու տար «Հըզպալլա»ին եւ, ընդհակառակը, չէր ծածկեր իր հակակրութիւնը Իսրայէլի նկատմամբ, հակառակ երկու երկիրներու ռազմավարական դաշինքին։ Պարզ է, որ հանրային կարծիքին համար Լիբանան զօրք ուղարկելը համազօր է «Հըզպալլա»ին ապազինման մասնակցութեան։ Թէ որքանով Աննանի հաւաստիքը հակառակ ուղղութեամբ համոզիչ եղած է հանրային կարծիքին, յստակ չէ տակաւին։ Յստակ է, որ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը վերադարձ կը կատարէ դէպի Միջին Արեւելք, նոր դերակատարութիւն մը կը փնտռէ նախկին Օսմանեան տարածաշրջանին մէջ, եւ այս ամէնը կու գան ցոյց տալու, թէ որքան հաստատ է Աթաթուրքի ուղիէն շեղման ընթացքը ոչ միայն հասարակական մակարդակով, այլ նոյնինքն պետական քաղաքականութեան մէջ։
Թուրքիոյ հասարակական ոլորտին մէջ ներկայիս բացայայտ են երկու գործընթացներ։ Մէկը իսլամական ինքնութեան վերադարձն է, միւսը Աթաթուրքի ժառանգութիւնն ու փանթրքականութիւնը իրարու մօտեցնող ազգայնականութեան ձեւաւորումն է։ Սկզբունքով երկու գործընթացները հակասական են, սակայն կրնան հասարակաց յայտարար մը գտնել եւ վերածուիլ պետական քաղաքականութեան։ Կը թուի, թէ Էրտողանի կառավարութիւնը այդ նախաձեռնութեան դիմած է ոչ միայն դէպի Եւրոպա իր արտաքին քաղաքականութեան նոր լծակներ փնտռելու մտահոգութեամբ, այլ նաեւ հասարակական մակարդակով աճող հակաարեւմտեան զգացումները հակակշռի տակ պահելու համար։ Այս վերջին նկատառումը մասնաւորաբար իր կարեւորութիւնը կը ստանայ ԱՄՆի գերմանական Մարշըլ հիմնադրամի տարեկան տեղեկագրին արդիւնքներուն լոյսին տակ։ ԱՄՆի եւ եւրոպական 12 երկիրներու (ներառեալ Թուրքիա) հանրային կարծիքին վերաբերեալ այս հարցախոյզը ցոյց կու տայ, թէ թրքական հանրային կարծիքը կը հեռանայ Արեւմուտքէն եւ, ընդհակառակը, կը մօտենայ Իրանին, հակառակ անոր, որ Իրան շիի է, իսկ Թուրքիա՝ սիւննի։ Այսպէս, 2005ին թուրքերու 52 տոկոսը կը հաւատար, որ ՆԱԹՕն կարեւոր էր երկրի անվտանգութեան համար, այսօր այդ տոկոսը միայն 44 է։ Աւելի՛ն, 2004ին, երբ Եւրոպական միութիւնը կանաչ լոյս կու տար Թուրքիոյ անդամակցութեան բանակցութիւններու սկսման, թուրք հասարակութեան 73 տոկոսը Եւրոպայի մաս կազմելու հեռանկարը դրականօրէն կը գնահատէր, այսօր այդ հեռանկարով խանդավառ է միայն 54 տոկոսը։
Հարցախոյզի արդիւնքներու մեկնաբանութեամբ «Ինթըրնէշընըլ հերըլտ թրիպիւն»ի Սեպտեմբեր 8ի համարին մէջ յօդուածով մը հանդէս եկած Մարշըլ հիմնադրամի Անգարայի գրասենեակի ղեկավար Սուատ Քինիքլիօղլու կը գրէ, թէ թրքական հանրային կարծիքին հակա-Արեւմուտք ներկայ ուղղուածութիւնը հետեւանք է Սեպտեմբեր 11, 2001ի յաջորդած միջազգային խոր փոփոխութիւններու, «մեզի հետ կամ մեզի դէմ» մթնոլորտին եւ Իրաքի ամերիկեան ներխուժման անդրադարձին։ Այսպէս կոչուած «ինքնութեան քաղաքականութիւն»ը, որուն մէկ արտայայտութիւնն է դանիական թերթին մէջ լոյս տեսած Մարգարէին ծաղրանկարներու առաջացուցած տագնապը, ինչպէս նաեւ թրքական սահմաններուն տիրող անկայունութիւնը այլ ազդակներ են, որոնք պատճառ դարձած են հանրային կարծիքի այս փոփոխութեան։ Կը մնայ, որ (միշտ նոյն մասնագէտին կարծիքով) դէպի Միջին Արեւելք շրջադարձը արդէն քաղաքական ուղեգիծն էր 2002ին իշխանութեան հասած իսլամականներուն։ Իրաքի ներխուժումն ու անոր ստեղծած կացութիւնը պարզապէս թոյլ տուին ամրակայելու այս ուղեգիծը։
Թրքական անդամակցութեան թեր եւրոպացիներուն համար Անգարայի արտաքին քաղաքականութեան վերադարձը Միջին Արեւելք դրականօրէն կ՚ընկալուի։ Ի վերջոյ, Եւրոպան էր, որ պնդեց թրքական ուժերու ՖԻՆԻՒԼի մասնակցութեան վրայ։ Պատասխանատուութեան բաժանման նախանձախնդրութիւն մը թերեւս նկատելի է Թուրքիոյ ուղղութեամբ եւրոպական այս քայլին մէջ, կամ մինչեւ իսկ՝ «Հըզպալլա»ն ապազինելու առաքելութեան հեռանկարին փաստացի չէզոքացման միջոց։ Էրտողանի կառավարութիւնը, սակայն, պիտի փորձէ այս «համագործակցութիւնը» գործածել որպէս լծակ՝ արագացնելու համար Եւրոպայի միացման գործընթացը։
Ամէն պարագայի, Օսմանեան անցեալով եւ Կիպրոսի ցարդ շարունակուող գրաւման փաստով, թրքական արտաքին քաղաքականութեան վերադարձը Միջին Արեւելք չի կրնար զերծ մնալ ուժային քաղաքականութենէն։ Այլ խօսքով, հոն ուր եւրոպացիք պիտի ուզեն պատասխանատուութիւններու բաժանում եւ համագործակցութիւն տեսնել, թրքական քաղաքականութիւնը հզօրութեան ծրագրի մը մասին կրնայ մտածել։ Աւելի՛ն, հակառակ թրքական հանրային կարծիքին աճող համակրանքին Իրանին նկատմամբ, պետական քաղաքականութիւնը, ուր զինուորականներ ու ազգայնական մօտեցումներ կը շարունակեն տիրական ըլլալ, Թուրքիա որպէս շրջանային հզօրանք հեռանկարը անխուսափելիօրէն կը հիմնաւորուի այդ ուղղութեամբ ուժական հակակշիռ ստեղծելու մտահոգութեամբ։
Անդրադառնալով Թուրքիոյ հետ ԱՄՆի հակաահաբեկչական գործողութիւններու համակարգման նոր պատասխանատուի մը (ՆԱԹՕի նախկին հրամանատար Ճոզըֆ Ռալսթըն) նշանակման, «Նիւ Եորք թայմզ»ի Սեպտեմբեր 10ի խմբագրականը կ՚ողջունէ որոշումը՝ որպէս Թուրքիան Արեւմուտքի մօտ պահելու կոչուած քայլ։ Միաժամանակ, խմբագրականը դիտել կու տայ, որ քրտական այսպէս կոչուած «բռնարարքներ»ու եւ թուրք-քրտական լարուածութեան վերջ տալու կոչուած լուծումները հիմնականին մէջ քաղաքական են։ Այն նաեւ կոչ կ՚ուղղէ թրքական աւելի շինիչ քաղաքականութեան մը, Կիպրոսի հարցով։ Խմբագրականին յարաբերաբար դրական տրամադրուածութիւնը թուրք-ամերիկեան այս համագործակցութեան կ՚անտեսէ մէկ այլ կարելիութիւն. հակաահաբեկչութեան համագործակցութիւնը շատ հաւանաբար չսահմանափակուի քրտական սպառնալիքով, այլ՝ միտի նաեւ, եթէ ոչ յատկապէս Իրանի վրայ հակակշիռի ստեղծումին։
(*) Խ. Տէր Ղուկասեան քաղաքական գիտութեանց դասախօս է Պուէնոս Այրէսի մէջ եւ ծանօթ հրա-պարակագիր: