ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպեճանական աղբիւրներ կը տեղեկացնեն, թէ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի ներկայացուցիչները Հոկտեմբերի սկիզբը հանդիպում մը պիտի ունենան քննելու համար Հայաստանը շրջանցող Կարս-Թիֆլիս-Պաքու երկաթուղին կառուցելու համար հարկաւոր գումարներ ապահովելու կարելիութիւնները:
Յիշեցնենք, թէ Եւրոպական միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը որոշած են նիւթապէս նեցուկ չկանգնիլ երկաթուղին կառուցելու աշխատանքներուն, որովհետեւ երկաթուղին Հայաստանին չ’անցնիր:
Երկաթուղին կառուցելու ծախսը հաւանաբար 400 միլիոն տոլար ըլլայ:
Միւս կողմէ, թուրք պաշտօնատար մը, առանց մանրամասնելու, յայտնեց, թէ Վրաստան դիտումնաւոր կերպով կը ձգձգէ կառուցման աշխատանքները, հակառակ այն իրողութեան, որ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա խոստացած են առանց տոկոսի վարկեր տրամադրել վրացական բաժնին կառուցման համար: