Ատրպէյճանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Ապուլֆէս Քարայեւ յայտարարեց, որ Պաքուի հայկական եկեղեցին պիտի օգտագործուի իբրեւ նախագահական գրադարան։
Ան նշեց, որ նախագահ Իլհամ Ալիեւ վերջերս այցելած է այդ եկեղեցին եւ հետաքրքրուած է անոր վիճակով։ «Առաջարկներ կան եկեղեցին օգտագործելու իբրեւ գրադարան։ Կը կարծեմ, որ այստեղ արտառոց բան չկայ, քանի որ եկեղեցին Աստուծոյ տունն է եւ պէտք է ունենայ իր գրադարանը», ըսաւ Քարայեւ։