
Մարտ ամսուան առաջին օրերուն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան եւ Գանատայի թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան, աշխատանքային հանդիպումներ ունեցան Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի երդիքին ներքեւ, իսկ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան նիստերուն միացաւ առցանց դրութեամբ:
Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմակալ առաջնորդներուն միջեւ գործակցութիւնը եւ աշխատանքային խորհրդակցական հանդիպումները՝ մասնաւորաբար «Սփիւռքի Տարուան» առիթով, թեմերուն եւ յատկապէս եկեղեցական կազմակերպչական կեանքին նոր շեշտ կու տան եւ քրիստոնէական ծառայութեան առջեւ նոր հորիզոններ կը բանան:
Արդարեւ, Արամ Ա. վեհափառի հայրապետական ուղղորդող ցուցմունքները կեդրոնական մասը կը կազմեն Հիւսիսային Ամերիկայի Ազգային առաջնորդարաններու եւ ծուխերու վերաշխուժացման ու ծառայութիւններու դաշտերու ընդարձակման գործին: