ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Լիբանանահայութեան իրենց անվճար ծառայութիւնը մատուցելու եւ դժուար պայմաններու դէմ յանդիման կանգնած իրենց քոյր-եղբայրներուն բուժման օժանդակելու նպատակով Լիբանան գտնուող Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան բժիշկները՝ գլխաւորութեամբ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ առաքելութեան խորհուրդի նախագահ Պերճ Աբգարեանի, Կիրակի, 6 Մարտի առաւօտեան մասնակցեցան Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագին, որմէ ետք հանդիպում ունեցան Արամ Ա. վեհափառին հետ: Նոյն օրը երեկոյեան, անոնք ծանօթացման ընթրիք ունեցան լիբանանահայութեան հոգեւոր, պետական, ընկերային ծառայութեան մարզի եւ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ:

Արամ Ա. կաթողիկոսը մեծապէս գնահատեց Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան բժիշկները՝ շեշտելով, որ բժշկութիւնը նաեւ կոչում է, որ մարդուն հետ կը ծնի եւ կը նպաստէ մարդոց կեանքի բարելաւման, զանոնք առողջ եւ յուսալի պահելու: Ան խօսեցաւ Լիբանանի մէջ ներկայիս տիրող դժուար կացութեան մասին՝ դիտել տալով, որ դեղորայքի չգոյութիւնը կամ անտանելի սղութիւնը, առողջապահական համակարգին մէջ տիրող անել վիճակը բժշկուելու կարելիութենէն զրկած են շատեր, ուստի այս առաքելութեամբ Լիբանան ուղղուած բժիշկները լաւագոյնս կրնան ծառայել լիբանանահայութեան: Խօսք առին նաեւ տոքթ. Էլի Թաշճեան եւ Պերճ Աբգարեան, որոնք անդրադարձան այս նախաձեռնութեան տուն տուող պատճառներուն, ընդհանրապէս առաքելութեան, յատկապէս Լիբանանի մէջ իրականացուելիք աշխատանքին: Անոնք դիտել տուին, որ բժիշկներուն Լիբանանի մէջ ծառայութիւն մատուցելը նաեւ ընդառաջում է Արամ Ա. վեհափառին կողմէ հռչակուած «Սփիւռքի տարուան» ծիրին մէջ ուղղուած կոչին՝ կողք-կողքի ըլլալու եւ միասնաբար աշխատելու Սփիւռքի լինելիութեան համար:
Նշենք, որ Երկուշաբթի, 7 Մարտին, բժիշկները արդէն իսկ պիտի սկսին իրենց ծառայութեան Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի (ԼՕԽ) «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ, անոնք իրենց առաքելութիւնը պիտի շարունակեն նաեւ Երեքշաբթի, 8 եւ Չորեքշաբթի, 9 Մարտին, իսկ Ուրբաթ, 10 Մարտին նոյն նպատակով պիտի մեկնին Այնճար: