ՔԻԵՒ, «Պի.Պի.Սի.».- Ուքրանիոյ իշխանութիւնները Երկուշաբթի օր վերապահութեամբ մօտեցան զինադադար հաստատելու եւ մարդասիրական միջանցքներ բանալու Մոսկուայի հերթական առաջարկին, յատկապէս երբ ի յայտ եկաւ, որ առաջադրուած միջացնքերը Ռուսիա կամ Պելոռուս կ՛առաջնորդեն…
Զինադադարի առաջարկէն ետք իսկ, ռուսական ուժերը շարունակեցին իրենց շրջապատած քաղաքներուն ռմբակոծումը։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն «մեծ ջանք կը թափէ» Ուքրանիոյ պատերազմական օդանաւեր մատակարարելու շուրջ Լեհաստանի հետ համաձայնութիւն գոյացնելու:
Պլինքըն երէկ նաեւ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն իր եւրոպացի գործընկերներուն հետ կը խօսի ռուսական քարիւղի ներածումները արգիլելու կարելիութեան շուրջ, որուն պատճառով քարիւղի գիները վերջին 13 տարիներուն ընթացքին իրենց ամէնէն բարձր կէտին հասան Երկուշաբթի օր:
Արեւմուտքցի պաշտօնատարներ «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթին յայտնեցին, թէ Ուաշինկթըն եւ անոր դաշնակիցները կը պատրաստուին աքսորի մէջ ուքրանական կառավարութեան մը հաստատման եւ ուքրանական երկարատեւ դիմադրութեան:
Միւս կողմէ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտնեց, թէ Չինաստան կրնայ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին վերջ տալու համար հաւանական միջնորդ ըլլալ՝ աւելցնելով. «Եւրոպայի մէջ ապահովութիւն պիտի չըլլայ, եթէ Փութին յաղթանակ արձանագրէ»:
Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի, իր կարգին, յայտնեց, թէ Ռուսիոյ դէմ իռենց յաղթանակը աշխարհի վրայ ժողովրդավարութեան յաղթանակն է: «Մեր յաղթանակը Եւրոպայի մէջ բարգաւաճում պիտի յառաջացնէ». ըսաւ ան:
«Քիեւի իշխանութիւնները անցնող ամբողջ երեք տարիներուն ընթացքին շարունակեցին համաձայնութիւններու կատարումէն խուսափիլ, եւ Տոնպասի մէջ շուրջ 13 հազար ռուսեր սպաննուեցան: Ուքրանական իշխանութիւնները հրապարակաւ կը յայտարարեն, որ չեն ուզեր Մինսքի համաձայնութիւնը գործադրել եւ Տոնպաս բնակող քաղաքացիները պաշտպանել, ինչ որ մեր գլխաւոր նպատակն է, եւ այդ առնչութեամբ պէտք է երաշխիքներ ստանալ», նշեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին.:
Ակնարկելով միջազգային դատապարտտումի արժանացած Ուքրանիոյ մեծագոյն հիւլէակայանը գրաւելու Ռուսիոյ գործողութեան՝ Փութին աւելցուց. «Ուքրանիա կը փորձէ հիւլէական ռազմակայաններուն վերատիրանալ, եւ չկրցանք անտեսել այն յայտարարութիւնները, որոնք Ուքրանիան հիւլէական ուժի վերածելու մասին կը խօսին: Իսկական սպառնալիք դիմագրաւեցինք. կ՛աշխատինք Ուքրանիան ապազինել եւ այդտեղ գոյութիւն ունեցող նացիական կողմնորոշումէն ձերբազատիլ: ՆԱԹՕն Ուքրանիոյ կ՛աջակցի, որովհետեւ վերջինս Ռուսիոյ դէմ կը կանգնի։ Մեր դէմ հաստատուած պատժամիջոցները Ռուսիոյ դէմ պատերազմի յայտարարութեան նման են»:
«Ուքրանիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի յայտարարելը անկարելի է, եւ այլ պետութեան մը կողմէ զայն հաստատելու որեւէ փորձ զինուորական գործողութիւններու ուղղակի մասնակցութիւն պիտի նկատենք», յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահը, ակնակրկելով այդ մասին Քիեւի պահանջնելու, որոնց ցարդ կ՛անտեսուին Արեւմուտքին կողմէ։ Սպայակոյտը եւ պաշտպանութեան նախարարութիւնը Ուքրանիոյ մէջ զինուորական ենթակառոյցները քանդելու որոշում որդեգրեցին, եւ մենք զայն աւարտելու եզրին ենք», ըսաւ Փութին՝ ընդգծելով. «Կասկած չունիմ, որ ռուսական բանակը իր բոլոր նպատակները պիտի իրագործէ: Նշմարեցինք Միջին Արեւելքէն զինեալներ եւ ծայրայեղականներ, որոնք ռուսական բանակին դէմ կ՛օգտագործուին, սակայն անօգուտ կերպով»: