ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ուքրանիոյ Խերսոն քաղաքին մէջ ռազմական գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք ազգութեամբ հայ քաղաքային մը զոհուեցաւ:
Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակէն յայտնեցին, որ տեղեկութիւնը ճշդած են Ուքրանիոյ հայ համայնքէն:
Զոհուածը Վահիկ Սողոմոնեանն է, ան Ուքրանիոյ քաղաքացի է: