ՔԻԵՒ, «Պի․Պի․Սի․»․- Երեքշաբթի օր, դէպի Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւ յառաջացող եւ ակնկալուածէն աւելի զօրաւոր դիմադրութեան դէմ գտնուող ռուսական ուժերը սաստկացուցին իրենց ռմբակոծումները եւ ուղղակի հարուած մը հասցուցին քաղաքին պատկերասփիւռի աշտարակին, առնուազն 5 զոհ խլելով։
Ռուսական զօրքերը նաեւ ռմբակոծեցին Ուքրանիոյ ամենամեծ քաղաքներէն Խարքովը, ուր 10 զոհեր արձանագրուեցան։ Խրիմէն յառաջացող ռուսական ուժերը նաեւ քանի մը գիւղաքաղաք կրցան գրաւել երկրին հարաւային շրջաններուն մէջ, հակառակ մէկ օր առաջ սկսած բանակցութիւններուն։
Միւս կողմէ, ՄԱԿի տուեալներուն համաձայն, Ուքրանիայէն դուրս եկած գաղթականներուն թիւը անցած է 660,000ի սահմանը։
«Ժամանակ» կը գրէ, թէ Թուրքիա անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն եւ շփման մէջ է շահագրգիռ բոլոր կողմերուն հետ։ Նախագահ Էրտողան երկխօսութեան կոչ ուղղեց բոլորին։ Իր խօսքով՝ թրքական կողմը վճռական է Մոնթրոյի համաձայնութենէն բխած բոլոր իրաւասութիւնները ամենաթափանցիկ ձեւով կեանքի կոչելու։ «Նեղուցներէն նաւերու երթեւեկը կանոնակարգելու իրաւասութիւնը այնպէս մը պիտի օգտագործուի, որ լարուածութիւնը չհրահրուի», յայտնեց Էրտողան, միաժամանակ շեշտելով, որ «Թուրքիա կը գնահատէ Ուքրանիոյ ղեկավարութեան ու ժողովուրդին կողմէ տրուած պայքարը»։