ՓԱՍԱՏԻՆԱ․- Կիրակի, Փետրուար 13ի առաւօտեան, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Ս. Սարգիսի տօնին առիթով հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատոյց Փասատինայի նոյնանուն եկեղեցւոյ մէջ: Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան, սարկաւագաց ու դպրաց դասերը:
«Յիսուս Քրիստոսը դարձնենք մեր կեանքին ապաւէնը, մեր ընտանիքներուն ժայռը, մեր ազգին կեդրոնը, իւրաքանչիւր մարդ անհատի, հայ ընտանիքի, հայ գաղութի, բովանդակ հայ ազգի սիրտը, որպէսզի տանջանքները եւ չարութիւնները, ցաւերը եւ տառապանքները հեռու մնան մեր անհատական, ընտանեկան, ազգային եւ հայրենիքի կեանքէն»: Առաջնորդ սրբազան հայրը այս խօսքերով սկսաւ իր պատգամը, որուն աւարտին մեծ ուրախութեամբ եւ բարձրագոյն սիրով ողջունեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ծխական համայնքը, ապա շնորհաւորեց եկեղեցւոյ եւ բոլոր Սարգիսներուն ու Մարտիրոսներուն, ի մասնաւորի Ազգային առաջնորդարանին հաւատարիմ սիրով կապուած՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար տէր եւ տիկին Սարգիս Կիտցինեաններուն անուանակոչութեան տօնը:
Յաւարտ Ս. պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն աւարտին սրբազան հայրը կատարեց մատաղի օրհնութիւն, ապա օրհնութեան աղօթքով փակեց անոր յաջորդած «Սիրոյ սեղան»:
